Սուրբ Պետրոսի Պազիլիքան Սուրբ Պետրոսի Պազիլիքան 

Ֆրանչիսկոս Պապին բարեկարգումները հայող Սուրբ Պետրոս Պազիլիքայի ծիսական ծառայութիւններու Վարչութեան։

Բարեփոխումներու նպատակն է Պազիլիքայի վարչութեան ծիսական եւ հովուական ծառայութեան ընդգծումը

Վատիկան Նիուզ

Սուրբ Պետրոսի Քահանայապետական Պազիլիքայի Վարչութիւնը կազմուած է Քահանայապետի կողմէ նշանակուած քահանաներու դասէն, որոնք ունին «քանոնիստի» դեր ու իրենց հովուական եւ ծիսական արարողութիւններու ոգեւորման ծառայութիւնը կը մատուցեն Սուրբ Պետրոսի Պազիլիքային մէջ։

Ֆրանչիսկոս Պապը շաբաթ 28 օգոստոսին վաւերացուց այս պատմական հաստատութեան հայող անցումային կանոնները որոնք ի զօրու կը դառնան յառաջիկայ մէկ հոկտեմբերէն սկսեալ։

Նոր կանոնները կը նախատեսեն որ Վատիկանի Պազիլիքայի գանձերու տնտեսական մատակարարումը ստանձնէ «Սուրբ Պետրոսի գործարանը»։

Վատիկանի Սուրբ Պետրոս պապական տաճարի վարչութիւնը ունի հազարամեայ  պատմութիւն: Ան ստեղծուած է որպէս հաստատութիւն 1053 թուականին ՝ Սուրբ Լեւոն IX- Քահանայապետի կոնդակով, որ այդ որոշումով վաւերացուց Կոնստանտինեան տաճարին մէջ դարեր շարունակ գոյութիւն ունեցող իրականութիւն մը ՝ հայող տարբեր վանքերու պատկանող վանականներու ծիսական ծառայութեան: Եվգենի IV- ի Քահանայապետին քահանայապետութեան օրերէն ետք (1145-1153) վարչութիւնը աստիճանաբար կը վերածուի ինքնավար հասարակութեան մը  ՝ վանական կառոյցէն  անցնելով կանոնական կառոյցի:

ԺԶ դարէն սկսեալ Վարչութեան Սուրբ Պետրոսի Պազիլիքային կառուցումով Վարչութեան պատմութիւնը կը միահիւսուի Սուրբ Պետրոսի գործարանին հետ կազմելով երկու իրականութիւններ սակայն միացած անոնց գլուխ Սուրբ Պետրոսի աւագերէցին միջոցաւ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/08/2021, 13:00