Սրբազան Քահանայապետին հակիրճ պատգամը «Laudato si'» միջ համալսարանական գիտաժողովին։

«Գովեալ ըլլաս շրջաբերականը միայն «կանաչ» շրջաբերական մը չէ, այլ ընկերային շրջաբերական է» ըսաւ Քահանայապետը
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ

Յառաջիկայ մէկն չորս սեպտեմբերին Արժանթինի մէջ նախատեսուած է միջ համալսարանական գիտաժողով մը նուիրուած Ֆրանչիսկոս Պապին «Laudato si' – Գովեալ ըլլաս» շրջաբերականին, որուն առիթով Նորին Սրբութիւնը լսատեսողական հակիրճ պատգամ մը ուղղեց մասնակիցներուն, որուն մէջ ողջունելով անդամները յոյս յայտնեց որ գիտաժողովին ջանքերը սատարեն զարգացնելու համար ընկերային խիղճը ու հասարակաց տան խնամքի խիղճը։

«Գովեալ ըլլաս շրջաբերականը միայն «կանաչ» շրջաբերական մը չէ, այլ ընկերային շրջաբերական է» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը յոյս յայտնելով որ գիտաժողովը օգնէ, որպէսզի ի յայտ դրուի շրջաբերականին ամբողջականութիւնը ու անոր հետեւանքները։

«Ձեզի լաւագոյնը կը մաղթեմ, Աստուած օրհնէ ձեզ եւ մի մոռնաք աղօթելու ինծի հանար» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը եզրափակելով պատգամը։

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/08/2021, 14:00