Քահանայապետը ընդունեց «International Catholic Legislators Network»ի անդամները Քահանայապետը ընդունեց «International Catholic Legislators Network»ի անդամները  

Քաղաքական գործիչները պէտք է պաշտպանեն մարդկային արժանապատւութիւնը արուեստագիտութեան սպառնալիքներէն. Ֆրանչիսկոս Պապ

Ընդունելով «International Catholic Legislators Network» անդամները Քահանայապետը զգուշացուց արուեստագիտութիւնէն յառաջ եկած վտանգներէն ու խնդրեց արուեստագիտութիւնը օգտագործել ի նպաստ հասարակաց բարիքին.
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան  - Վատիկան

Մանկական պոռնկագրութիւն , անձնական տուեալներու շահագործում, կեղծ լուրեր. Այս «վէրքերու» դէմ անհրաժեշտ է հասարակական ընդհանուր բարիքին ուղղուած ուշադիր օրէնսդրութիւն: Ասիկա եղաւ յստակ և սահմանուած լիազօրութիւնը, զոր Ֆրանչիսկոս Պապը վստահեցաւ Միջազգային կաթողիկէ օրէնսդիրներու ցանցի անդամներուն, անոնց շնորհած ունկնդրութիւն ընթացքին անոնց ուղղած իր ճառին մէջ։

Ցանցը ծնունդ առած է 2010 թուականին Աւստրիոյ Թրիւմաու քաղաքին մէջ  Վիեննայի Արքեպիսկոպոս Կարդինալ Քրիստոֆ Շոնպորնի հովանաւորութեամբ, ան կը համախմբէ համայն աշխարհէն կաթողիկէ խորհրդականներ։

Քահանայապետը շնորհակալութիւն յայտեց հաստատութեան տածած գործունէութեան համար ու անոր Սուրբ Աթոռին ցուցաբերած նպաստին համար, հուսկ խօսքը կեդրոնացուց արդի հարցերուն վրայ սկսեալ Քովիտի համաճարակէն։

Քովիտ ժահրի վէրքը

«Մենք, ըսաւ Ան, յառաջադիմութիւններ արձանագրեցինք արդիւնաւէտ պատուաստի ստեղծումի ու անոր բաժանումի ծիրէն ներս, սակայն տակաւին կարիքը կայ մեծ աշխատանքի, աւարտին հասցնելու համար այդ գործը։ Այս ահաւոր վէրքը մինչեւ օրս պատճառեց երկու հարիւր միլիոն պարագայ ու չորս միլիոն զոհեր, ինչպէս նաեւ տնտեսական եւ ընկերային վնասներ» դիտել տուաւ Սրբազան Պապը մատնանշելով որ խորհրդականներուն գործը այսօր աւելի քան երբեք կը դառնայ կարեւոր։

Ծառայել հասարակական բարիքին

«Դուք նշանակուած էք ծառայելու հասարակաց բարիքին եւ այսօր` ձեր քաղաքական գործունէութեամբ կանչուած էք համագործակցելու որպէսզի ձեր հասարակութիւնները ու համայն ընկերութիւնները փոխէք արմատական կերպով» ըսաւ Ֆրնաչիսկոս Պապը նշելով թէ նպատակը միայն վիրուսը յաղթահարելը չէ այլ դիմագրաւել է հետեւանքները զոր սոյն ճգնաժամը աւելիով խորացուց եւ ընդլայնեց. Աղքատութիւնը, ընկերային անհաւասարութիւնը, տարածուող գործազրկութիւնը, եւ կրթական համակարգին հասանելիութեան պակասը»։

Հասարակական բարիքին ի նպաստ արուեստագիտութեան օգտագործումը

Ակնարկելով ներկայ ժամանակաշրջանի ամենամեծ մարտահրաւէրներէն մէկուն` «հասարակական բարիքին ի նպաստ արուեստագիտութեան օգտագործումը» Սրբազան Քահանայապետը ընդգծեց որ Վստահաբար «Գիտութեան եւ արուեստագիտութեան սքանչելիքները բարձրացուցին մեր կեանքին որակը» սակայն,աւելցուց Ան, «զանոնք լքել միայն շուկային ուժին տակ, առանց օրէնսդրական ժողովներու եւ պետական մարմիններու կողմէն տրուած պատշաճ ուղեցոյցներուն, որոնք կ՛առաջնորդեն ընկերային պատասխանատուութեան, կը հետեւցնէ թէ այս նորարարութիւնները կարող են սպառնալ մարդու արժանապատւութեան»։

«Ասիկա չի նշանակեր կանգնեցնել արուեստագիտութեան յառաջդիմութիւնը» ըսաւ Սրբազան Պապը, այլ «պաշտպանել մարդկային արժանապատւութիւնը երբ ան սպառնալիքի տակ է» եւ ասոր համար կարիքը կայ քաղաքական եւ կանոնական գործիքներուն։

Ցանցին վտանգները

Ճառին մէջ Նորին Սրբութիւնը ակնարկեց նաեւ ցանցէն յառաջ եկած վտանգներուն. Մանկական պոռնկագրութիւնը անձնական տուեալներու շահագործում, ընկերային ցանցերու միջոցաւ տարածուած կեղծ լուրերը, նուրբ ենթակառուցուածքներու վրայ յարձակումներ, ինչպիսին են հիւանդանոցները եւ ասկէ մեկնելով քաջալերեց ներկաները «պարտականութիւնն ստանձնելու բարոյական լուրջ ու խոր քննարկումի մը համար, հայող գիտական եւ արուեստագիտական զարգացումի հնարաւորութիւններուն մէջ թաքնուող վտանգներուն, որպէսզի օրէնսդրութիւնն ու միջազգային կանոնները կարողանան կենդրոնանալ մարդկային համապարփակ զարգացումի ու խաղաղութեան վրայ փոխանակ լոկ առաջընթացի վրայ ՝ որպէս ինքնանպատակ»:

Խթանել զօրակցութեան հոգին

Սրբազան Պապը ապա հրաւէր ուղղեց ներկաներուն «խթանելու զօրակցութեան հոգին, սկսեալ աւելի տկար ու չքաւոր անձերու պահանջներէն»։

«Քաղաքացիներուն ընկերային, քաղաքացիական, ու քաղաքական տարբեր ոլորտներուն մէջ մասնակցութեան յանձնառումը էական է» հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապը որ ճառը աւարտեց նշելով, որ աշխարհը բուժելու համար ու աւելի ներառող ապագայ մը կառուցելու համար, ուր արուեստագործութիւնը ծառայէ մարդկային կարիքներուն ու ոչ թէ պատճառ ըլլայ կղզիացնելու մարդիկը, կարիքը կայ ոչ միայն պատասխանատու քաղաքացիներու այլեւ պատրաստուած ղեկավարներու, որոնք ոգեւորուած ըլլան հասարակական բարիքի սկզբունքով։



Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/08/2021, 11:53