Ֆրանչիսկոս Պապը ընդունեց «Լազար» ընկերակցութիւնը Ֆրանչիսկոս Պապը ընդունեց «Լազար» ընկերակցութիւնը 

Ֆրանչիսկոս Պապին ճառը «Լազար» ընկերակցութեան անդամներուն։

«Անտարբերութեամբ, անհատականութեամբ եւ եսասիրութեամբ յատկանշուած միջավայրի մը մէջ դուք կը հասկցնէք որ իսկական կեանքի արժէքները կը գտնուին տարբերութիւնները հիւրընկալելուն մէջ ու մարդու արժանապատուութիւնը յարգելու մէջ, ունկնդրութեան ու միւսին նկատմամբ ուշադրութեան ու նաեւ աւելիով տկարներուն ծառայութեան մէջ»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 28 օգոստոս 2021-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ի շարս այլ հանդիպումներու ունկնդրութիւն շնորհեց նաեւ Ֆրանսական «Լազար» ընկերակցութեան անդամներուն՝ ընկերակցութեան հիմնադրութեան 10րդ ամեակին առիթով։

Լազար ընկերակցութիւնը յատուկ համայնք մըն է որ կը զբաղի տնանկներով անոնց ապաստան տալով ընկերակցութեան անդամներու սեփական բնակարաններուն մէջ։

Ներկաներուն  յանձնած գրաւոր իր ճառին մէջ Նորին Սրբութիւնը շնորհաւորեց ընկերակցութեան 10րդ տարեդարձը իր հոգեւոր մօտիկութիւնը արտայայտելով ընկերակցութեան բոլոր անդամներուն։

Ընկերային բարեկամութեան հայելի

Ան ապա գոհաբանութիւն յայտնեց Աստուծոյ անոնց ապրած համակեցութեան եւ եղբայրութեան առօրեայի փորձառութեան համար, դառնալով համայն աշխարհին համար ընկերային բարեկամութեան հայելին՝ «զոր կոչուած ենք ապրիլ» նշեց Սրբազան Քահանայապետը։

Հիւրընկալութիւնը, ունկնդրութիւնը եւ հոգատարութիւնը իսկական արժէքներ

«Անտարբերութեամբ, անհատականութեամբ եւ եսասիրութեամբ յատկանշուած միջավայրի մը մէջ դուք կը հասկցնէք որ իսկական կեանքի արժէքները կը գտնուին տարբերութիւնները հիւրընկալելուն մէջ ու մարդու արժանապատուութիւնը յարգելու մէջ, ունկնդրութեան ու միւսին նկատմամբ ուշադրութեան ու նաեւ աւելիով տկարներուն ծառայութեան մէջ» հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապը գրաւոր ճառին մէջ, ու քաջալերեց ներկաները յառաջ ընթանալու անվախ իրենց սրտերուն մէջ մշակելով վարակիչ ուրախութեան յոյսը։

Տարածել  սիրոյ  կրակը որ կը ջերմացնէ պաղ սրտերը

Նորին Սրբութիւնը հրաւիրեց նաեւ իրենց շուրջը տարածելու սիրոյ այն կրակը, որ կը ջերմացնէ պաղ սրտերը ու երթալու աւելի անդին՝ մինչեւ արուարձանները, որոնք յաճախ լի են առանձնութեամբ ու տխրութեամբն, ներքին վէրքերով ու կեանքի իմաստի կորուստով։

“«Ձեր խօսքերով եւ արարքներով զեղեցէք մխիթարութեան եւ բժշկութեան ձէթը կոտրուած սրտերուն վրայ»։”

«Երբեք մի մոռնաք որ դուք պարգեւ մըն էք, Աստուծոյ այսօրը, եւ անոր սրտին մէջ ունիք յատուկ տեղ մը։ Նոյնիսկ եթէ աշխարհը ձեր վրայ սեւեռէ արհամարհական հայեացք մը դուք Տիրոջ աչքերուն առջեւ մեծ արժէք ունիք» յարեց հուսկ Քահանայապետը որ գրաւոր ճառը աւարտեց զանոնք յանձնելով Տիրոջ՝ բարեխօսութեամբն Սուրբ Կոյս Մարիամին ու անոնց շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/08/2021, 13:30