Մետժուկօրէի երիտասարդական փառատօն Մետժուկօրէի երիտասարդական փառատօն 

Ֆրանչիսկոս Պապին Մետժուկօրէի երիտասարդական փառատօնին ուղղած պատգամը։

Այո Աւետարանի ուրախութիւնը սիրտը կը լիացնէ անոնց` որոնք կը հանդիպին Յիսուսին։ Անոնք` որոնք թոյլ կու տան, որ ան զանոնք ազատէ մեղքէն, տխրութենէն ու ներքին դատարկութենէն եւ կղզիացումէն։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Օգոստոսի մէկէն վեցը Խրուաթիոյ Մետժուկօրէ քաղաքին մէջ տեղի կ՜ունենայ «ՄԼԱՏԻՖԵՍԹ» խորագիրով երիտասարդական փառատօնը, որուն առթիւ Սրբազան Պապը պատգամ մը յղեց մասնակիցներուն։

Առիթ ընթանալու դէպի Տէրը

«Սիրելիներ երիտասարդներու Փառատօնը աղօթքի խոր ու Յիսուս Քրիստոսին հետ հանդիպումի շաբաթ մըն է ու յատկապէս հանդիպում անոր կենդանի Խօսքին հետ, Սուրբ Հաղորդութիւնը, Սուրբ Հաղորդութեան պաշտամունքի եւ հաշտութեան խորհուրդի միջոցաւ» գրեց պատգամին սկիզբը Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով, որ այս ձեռնարկը ուժ ունի մեզ դնելու ուղեւորութեան մէջ դէպի Տէրը։

Նորին Սրբութիւնը ակնարկեց ապա փառատօնի այս տարուայ բնաբանին որ կազմուած է այն հարցումէն զոր հարուստ երիտասարդը կ՛ուղղէ Յիսուսին. «Ի՞նչ պէտք է ընեմ ժառանգելու համար երկնքի արքայութիւնը» ու դիտել տուաւ որ այդ երիտասարդը անանուն է աւետարանին մէջ ու կը ներկայացնէ մեզմէ իւրաքանչիւրս։

Իսկական բարութեան եւ երջանկութեան աղբիւրը` սիրել մերձաւորը

«Ան կը փնտռէ իշխանութիւն մը` որ զինք առաջնորդէ ու զայն կը գտնէ Յիսուսի անձին մէջ» կը գրէ Սրբազան Պապը երիտասարդներուն ուղղած պատգամին մէջ մեկնաբանելով հարուստ երիտասարդին ու Յիսուսին միջեւ հանդիպման դրուագը ու նշելով որ Յիսուս նախ երիտասարդը կ՛առաջնորդէ դէպի Աստուած ըսելով` որ միայն Աստուած բարի է ապա անոր ցոյց կու տայ իսկական բարութեան եւ ուրախութեան աղբիւրը` այսինքն բարի գործեր կատարել եւ օգնել մերձաւորին։

Յիսուս այդ երիտասարդին կը պատասխանէ. «եթէ կ՛ուզես Երկնքի թագաւորութիւնը ժառանգել պահէ պատուիրանները»։ Սակայն երիտասարդը դիտել կու տայ թէ ինք արդէն կը պահէ զանոնք ուստի Յիսուս Անոր կ՜առաջարկէ երկրորդ հանգրուան մը «Եթէ կ՛ուզես կատարեալ ըլլալ գնա ծախէ քու ունեցածդ եւ ինչքերդ աղքատներուն նուիրէ ու գանձ մը պիտի ունենաս երկնքի մէջ»։

Թողուլ ամէն բան որ կը ծանրացնէ սիրտը

Յիսուս կը հրաւիրէ այդ երիտասարդը չի մտածելու միայն երկնքի մէջ ժառանգութիւնը ապահովելու այլեւ այստեղ երկրի վրայ ամէն ինչ նուիրելու, այնպէս ինչպէս ըրաւ Տէրը։ Ասիկա հասունութեան կոչումն է` գերազանցել պատուիրաններու յարգանքը, որպէսզի ընդունի ձրի եւ լիակատար սիրոյ վարձատրութիւն։ Յիսուս անորմէ կը խնդրէ թողուլ այն ամէն բաները որոնք կը ծանրացնեն անոր սիրտը ու արգելք կը հանդիսանան սիրոյն։

«Յիսուսին պահանջածը ամէն ինչէ մերկացած մարդ մը չէ այլ ազատ մարդ ու հարուստ փոխյարաբերութիւններով» նշեց Սրբազան Պապը պատգամին մէջ դիտել տալով` որ «Եթէ մեր սիրտը խճողուած է բարիքներով Տէրն ու մերձաւորը կը դառնան միայն այլ իրերու միջեւ իրեր։ Մեր շատ ունենալը ու շատ ուզելը կը խեղդեն սիրտը ու զայն կը դարձնեն ապերջանիկ ու անկարող սիրելու»։

Հետեւէ ինծի

Յիսուս` որ սիրեց այդ երիտասարդը անոր կ՛առաջարկէ երրորդ ճանապարհ մը. «Եկուր հետեւ ինծի»։ Յիսուսին հետեւիլը անկանխատեսելի շահ մըն է, այդ երիտասարդը սակայն երկու տէրերու միջեւ բաժնուած սիրտ մը ունէր` Աստուծոյ ու դրամի միջեւ սիրտ մը։

Անիկայ վախ չէր ունեցած վճռական հարցումը տալու սակայն քաջութիւնը չունեցաւ ընկալելու հարցումին պատասխանը որ հարստութենէն ու մենք մեզմէ խզուելու առաջարկն էր, որուն բերումով կը կապուինք Քրիստոսին, որպէսզի քալենք անոր հետը ու բացայայտենք իսկական երջանկութիւնը։.

Սիրելի բարեկամներ, Յիսուս ձեզմէ իւրաքանչիւրիդ կ՛ըսէ. «եկուր հետեւէ ինծի»։ Քաջութիւնը ունեցէք ձեր երիտասարդութիւնը ապրելու վստահելով Տիրոջ ու անոր հետ միասին դուք ձեզ ուղեւորութեան մէջ դնելով։ Վախ մի ունենաք ընկալելու անոր Խօսքը եւ ընդունելու անոր կոչումը։ Մի յուսահատիք Աւետարանի երիտասարդին նման այլ ձեր հայեացքը սեւեռեցէք Մարիամի վրայ, որ իր ահաւասիկ եմ խօսքով անվերապահօրէն պատասխան տուաւ Տիրոջ կոչին, կեանքը դարձնելով ամբողջական անձնուիրում, Աւետումէն մինչեւ գողգոթայ` ուր դարձաւ մեր բոլորի Մայրը։

Մարիամ մեր տիպարը

Նայինք Մարիամին որպէսզի գտնենք ուժը եւ ընդունինք շնորհքը, որ մեզի թոյլ կու տայ մեր կարգին Տիրոջ ըսելու «ահաւասիկ» եմ։ Նայինք Մարիամին, որպէսզի սորվինք Քրիստոսը տանիլ աշխարհ, որպէսզի մեր կեանքը վերածենք ու զայն դարձնենք պարգեւ ուրիշներուն համար։

Ան մեզի կը սորվեցնէ ըլլալ ուշադիր ուրիշներուն ինչպէս ըրաւ Կանայի հարսանիքի ընթացքին մեզի ցոյց կու տայ թէ Աստուծոյ կամքը կատարելու մէջ է որ կը գտնուի մեր ուրախութիւնը։

Այո՛ Աւետարանի ուրախութիւնը սիրտը կը լիացնէ անոնց` որոնք կը հանդիպին Յիսուսին։ Անոնց` որոնք թոյլ կու տան, որ ան զանոնք ազատէ մեղքէն, տխրութենէն ու ներքին դատարկութենէն եւ կղզիացումէն։ Յիսուս Քրիստոսին հետ մշտապէս կը ծնի ու կը վերածնի ուրախութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/08/2021, 13:00