Տօն պայծառակերպութեան Տօն պայծառակերպութեան  

Տօն պայծառակերպութեան Տ.Մ. Յիսուսի Քրիստոսի. Ֆրանչիսկոս Պապին թուիթը

Այս տօնը մաս կը կազմէ Փրկչագործութեան խորհուրդին եւ կը յիշեցնէ երբ Յիսուս իր հետը կ՝առնէ Պետրոսը, Յակոբը եւ Յովհաննէս անոր եղբայրը եւ զանոնք կը տանի առանձին բարձր լերան մը վրայ: Անոնց առջեւ այլակերպեցաւ դէմքը լուսաւորուեցաւ արեւի պէս, զգեստները սպիտակացան լոյսի նման:

Վատիկան Նիուզ

Լատին ծէսի համաձայն այսօր՝ 6 օգոստոսին կը յիշատկուի Յիսուսի այլակերպութեան տօնը:
Այս տօնը մաս կը կազմէ Փրկչագործութեան խորհուրդին եւ կը յիշեցնէ երբ Յիսուս իր հետը կ՝առնէ Պետրոսը, Յակոբը եւ Յովհաննէս անոր եղբայրը եւ զանոնք կը տանի առանձին բարձր լերան մը վրայ: Անոնց առջեւ այլակերպեցաւ դէմքը լուսաւորուեցաւ արեւի պէս, զգեստները սպիտակացան լոյսի նման:

Քահանայապետին թուիթը

Պայծառակերպութեան տօնին առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրապարակեց թուիթ մը որուն մէջ նշեց թէ «Տիրոջ այլակերպութեան տօնը մեզի կը յիշեցնէ որ կանչուած ենք ապրելու Քրիստոսի հետ հանդիպումի փորձառութիւնը, որպէսզի լուսաւորուած անոր լոյսով, կարողանանք զայն կրել ու ցոլացնել ամենուրէք, որպէս Աւետարանի փոքրիկ ճրագներ, որոնք նշոյլ մը սէր եւ յոյս կը պարգեւեն»։

Պայծառակերպութեան տօնը արեւմուտքի մէջ

Արեւմուտքի մէջ Պայծառակերպութեան տօնը կը յիշուի Ը. դարէն սկսեալ, Նիկիոյ Բ. Տիեզերական Ժողովին, 787 թուականին։ Սպանիոյ Իլտեֆոնս եպիսկոպոսը 845ին Պայծառակերպութիւնը կը յիշէ իբր կարեւոր տօներէն մին։ Ոմանք աւելի ուշ տօնը վերագրած են Քալիսթոս Գ. Քահանայապետին, հաստատուած 1456/57 թուականներուն։ Սակայն այդ քահանայապետը ոչ թէ տօնը նոր հաստատած էր, այլ զայն ճոխացուցած էր, ի յիշատակ հունգարացիներու տարած յաղթանակին՝ թուրքերուն դէմ։

Հայ եկեղեցւոյ աւանդութիւնը

Հայ Եկեղեցւոյ մէջ տօնը առաջին անգամ կը յիշուի Սահակ Մեծի կանոններուն մէջ, Ե. դարուն։ Վարդան Պատմիչ կը հաղորդէ, թէ Ներսէս Շինող կաթողիկոսի ժամանակ, 645 թուականին, Պայծառակերպութեան տօնին մեծ հանդիսութիւն կը կատարէ։ Այս կը նշանակէ, թէ տօնը արդէն գոյութիւն ունէր։

Պայծառակերպութեան Տօնը Հայ Եկեղեցւոյ մէջ կը կատարուի Պենտէկոստէի եօթներորդ կիրակին։ Տօնը կʼանուանենք նաեւ Վարդավառ կամ Այլակերպութիւն։ Վարդավառ անունը, որ արդէն հինէն կը յիշուի յայսմաւուրքի եւ տօնապատճառներու մէջ, հաւանաբար իր արմատները ունի հեթանոսական շրջանին, առընչուած Անահիտ դիցուհիի ի պատիւ կատարուած տօներուն, նաւասարդ ամսոյն մէջ, ուր դիցուհիին կամ աստուածութիւններուն վարդի պսակներ կʼընծայուէին։ Այլ ազգերու մօտ նոյնպէս կը կատարուէին ամառնային կամ տարեմուտի այդպիսի տօներ, ուր աստուածութիւններուն կը մատուցուէին ընծաներ։ Հաւանաբար այսպիսի եւ այլ հեթանոսական կամ նաեւ առասպելային աւանդութիւններ եղած են հիմ, որ այս տօնը անուանուի Վարդավառ։

Այլ եկեղեցիներու աւանդութիւնները

Լատինները այս տօնը կը կատարէին օգոստոսի մէջ եւ այդ առիթով խաղող կʼօրհնէին, ինչպէս սովոր է կատարել հայոց մօտ՝ վերափոխման տօնին։ Հետաքրքրական է, որ այդ տօնին կը գործածուէր նոր գինի՝ պատարագելու համար։ Իսկ եթէ չունէին նոր գինի, կը գործածէին նոր խաղողի հիւթը՝ եւ կը նուիրագործէին զայն Ս. Պատարագի ընթացքին։

Իսկ յոյները, որոնք օգոստոսի վեցին Վերափոխման տօնի պահքի մէջ կը գտնուին, այդ օրը բացառաբար ձուկ կʼուտեն։ Նաեւ յոյները այդ տօնին կը կատարէին խաղողօրհնէքը։

Հայ Եկեղեցւոյ Հայրերը Պայծառակերպութեան տօնի խորհուրդը մեկնաբանելով, կը նկատեն թէ Յիսուս իր Այլակերպութեամբ ցոյց կու տայ թէ ինքն է կատարումը մարգարէութիւններուն եւ լրումը օրէնքին։ Ապա տօնը կը նկատուի նաեւ յորդոր որ մարդ արարածը իր հայեացքը միշտ պահէ իր կեանքի նպատակին՝ յաւիտենական կեանքի ժառանգութեան վրայ։

Քրիստոս Լոյս աշխարհի

Պայծառակերպութեան տօնին մասնաւոր կերպով կը շեշտուի նաեւ լոյսի գաղափարը, նկատի առնելով ոչ միայն Յիսուսի լուսակերպ երեւումը Թաբօր լերան վրայ, այլ եւ Քրիստոս ինքնին լոյս աշխարհի եւ արեգակ։ Ապա Վարդավառի ժողովրդական սովորութեան, ջուրի սրսկումին տրուած է նաեւ հոգեւոր կամ քրիստոնէական իմաստ, զայն նկատելով խորհրդանիշ մաքրումի եւ մկրտութեան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/08/2021, 13:30