Ֆրանչիսկոս Պապին կոչը օժանդակելու Լիբանանին. «Ոչ թէ խօսքեր այլ շօշափելի գործեր»։

Շատեր կորսնցուցին ապրելու պատրանքը. Հայցենք Աստուծոյ յոյսին լոյսը։ Մեծ է ձեզ այցելելու փափաքս։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 4 օգոստոս 2021ին Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ գլխաւորած չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը յիշեց Պէյրութի Նաւահանգիստի պայթումին տարեդարձը, յիշելով նաեւ այդ պայթումին զոհերը ապա կոչ ուղղեց միջազգային հասարակութեան մինակ չի թողելու Լիբանանը հուսկ Լիբանանցիները խրախուսեց որպէսզի դարձեալ ըլլան խաղաղութեան եւ եղբայրութեան պատգամ։

Շատեր կորսնցուցին ապրելու պատրանքը

«Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութի նաւահանգիստի ահաւոր պայթումէն մէկ տարի ետք, որ պատճառեց մահ ու կործանում, միտքս կ՜երթայ այդ սիրելի երկրին, մասնաւորապէս զոհերուն, անոնց ընտանիքներուն, բազմաթիւ վիրաւորներուն ու անոնց որոնք կորսնցուցին տուն ու աշխատանք։ Եւ շատեր կորսնցուցին նաեւ ապրելու պատրանքը։

Հայցել Աստուծոյ յոյսին լոյսը

Անցեալ մէկ Յուլիսին Լիբանանի համար աղօթքի եւ խորհրդածութեան Օրուան առթիւ, Քրիստոնեայ հոգեւոր առաջնորդներուն հետ միասին, ընկալեցինք յոգնած ու հիասթափ Լիբանանի ժողովուրդին ձգտումներն ու սպասումները, ու Աստուծմէ հայցեցինք յոյսին լոյսը` յաղթահարելու համար ծանր տագնապը։

Կոչ միջազգային հասարակութեան

Այսօր կոչ կ՛ուղղեմ միջազգային հասարակութեան, խնդրելով որ շօշափելի արարքներով օգնէ Լիբանանին` իրագործելու համար «յարութեան» ուղեւորութիւնը։ Ոչ միայն խօսքերով. Շօշափելի արարքներով։ Այս ուղղութեամբ կը մաղթեմ որ ընթացքի մէջ եղող համաժողովը, որ խթանուած է Ֆրանսայի եւ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան կողմէ, արդիւնաւէտ ըլլայ։

«Չեմ յոգնիր ձեզի համար աղօթելէ»

Սիրելի լիբանանցիներ` ձեր մօտ գալու ու ձեզ այցելելու փափաքս մեծ է եւ չեմ յոգնիր ձեզի համար աղօթելէ, որպէսզի Լիբանանը դարձեալ ըլլայ եղբայրութեան պատգամ, եւ համայն Միջին Արեւելքին համար խաղաղութեան պատգամ մը»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/08/2021, 10:15