Ֆրանչիսկոս Պապին զօրեղ կոչը. Աղօթք եւ ծոմ Աֆղանիստանի համար։

Բոլորէն կը խնդրեմ որ շարունակեն հոգ տանիլ կարիքաւորներուն եւ աղօթել որպէսզի երկխօսութիւնն ու զօրակցութիւնը մղեն խաղաղ եւ եղբայրական համակեցութեան ու յոյս նուիրեն երկրին ապագային համար։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Մեծ մտահոգութեամբ կը հետեւիմ Աֆղանիստանի կացութեան եւ կը մասնակցիմ տառապանքին անոնց որոնք կ՛ողբան անձերը որոնք իրենց կեանքը կորսնցուցին անցեալ հինգշաբթի օրուայ անձնասպանական յարձակումներուն առթիւ, ինչպէսս նաեւ անոնք որոնք պաշտպանութիւն եւ օգնութիւն կը փնտռեն» այս խօսքերով է որ Ֆրանչիսկոս Պապը սկիզբ տուաւ Աֆղանիստանի ի նպաստ ուղղած զօրեղ կոչին, կիրակի 29 օգոստոսի Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքին առթիւ, Ամենակալ Աստուծոյ ողորմութեան յանձնելով զոհերը ու շնորհակալութիւն յայտնելով անոնց՝ որոնք կը ջանան օգնութեան հասնիլ այնքան ցաւի մէջ գտնուող բնակչութեան, ու յատկապէս կիներուն ու մանուկներուն։

Եկեղեցւոյ պատմութիւնը կը սորվեցնէ անտարբեր չմնալ

Բոլորէն կը խնդրեմ որ շարունակեն հոգ տանիլ կարիքաւորներուն եւ աղօթել, որպէսզի երկխօսութիւնն ու զօրակցութիւնը մղեն խաղաղ եւ եղբայրական համակեցութեան ու յոյս նուիրեն երկրին ապագային համար։

Այսպիսի պատմական պահերու ընթացքին չենք կրնար անտարբեր մնալ, Եկեղեցւոյ պատմութիւնն է որ մեզի կը սորվեցնէ այս մէկը։ Որպէս Քրիստոսներ այս կացութիւնը մեզ կը դարձնէ յանձնառու։ Ասոր համար կոչ կ՛ուղղեմ բոլորին, աճեցնելու համար աղօթքը եւ կատարելու ծոմապահութիւն։

Աղօթք եւ ծոմապահութիւն, աղօթք եւ ապաշխարութիւն

«Աղօթք եւ ծոմապահութիւն, աղօթք եւ ապաշխարութիւն։ Այս մէկը ընելու պահն է սա։ Լրջօրէն կը խօսիմ. Աճեցնել աղօթքը եւ ի գործ դնել ծոմապահութիւնը Տիրոջմէ հայցելով ողորմութիւն եւ ներողութիւն» կրկնեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը։

Մօտիկութիւն Վենեզուելլային

Ան ապա իր մօտիկութիւնը արտայայտեց նաեւ Վենեզուելլայի Մերիտա նահանգի բնակիչներուն, որոնք անցեալ օրերուն թիրախ դարձան ողողումներու, աղօթք ապահովեցնելով զոհերուն ու անոնք ընտանիքներուն համար։

Երկրին ու աղքատներուն ճիչը  կը պահանջեն վճռական և հրատապ գործողութիւններ

Սրբազան Պապը հուսկ ողջոյնի խօսք ուղղեց Laudato Si’ շարժումին շնորհակալութիւն յայտնելով անոնց՝ հասարակաց տան ի նպաստ յանձնառումին համար, «մասնաւորապէս Արարչագործութեան Միջազգային Օրուան  եւ արարչութեան Ժամանակին առթիւ» ըսաւ Ան, հաստատելով որ Երկրին ճիչը ու աղքատներուն ճիչը միշտ աւելիով ծանր ու  տագնապալի է, և կը պահանջեն վճռական և հրատապ գործողութիւններ ՝ որպէսզի այս ճգնաժամը վերածենք հնարաւորութեան» յարեց Նորին Սրբութիւնը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/08/2021, 12:30