Որոնել

Յիսուս մեզ կը հրաւիրէ աշխարհն ու կեանքը դիտելու մեկնակէտ ունենալով մեր սիրտը. Ֆրանչիսկոս Պապ

Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութիւն, «Բիւրեղացնենք մեր սիրտը յաղթահարելով ուրիշները մեղադրելու սովորութիւնը».
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան -  Վատիկան

Կիրակի 29 օգոստոսի կէսօրին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած հարիւրաւոր ուխտաւորներու մասնակցութեամբ գլխաւորեց Հրեշտակ Տեառն կիրակնօրեայ  Մարեմեան Աղօթքը որուն ընթացքին ներկայացուցած խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց Մարկոս Աւետարանիչէն  քաղուած օրուան Աւետարանական ընթերցումին վրայ, ուր առաքեալը կը պատմէ թէ ինչպէս Փարիսեցիները եւ քանի մը դպիրներ, տեսնելով որ Յիսուսին աշակերտներէն ոմանք անմաքուր ձեռքով, այսինքն` առանց լուացուելու հաց կ՛ուտէին, մեղադրեցին զանոնք։

Ուստի փարիսեցիներն ու դպիրները Յիսուսին հարցուցին. «Ինչո՞ւ քու աշակերտներդ չեն հետեւիր ծերերու աւանդութեան, այլ անմաքուր ձեռքերով հաց կ՛ուտեն»։

«Մենք ալ կարող ենք ուղղել այս նոյն հարցումը» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով, որ Յիսուս կարեւորութիւն չի տար այդ սովորութիւններուն, որովհետեւ ինք կ՛ուզէ հաւատքը դարձնել կեդրոնական։

Խուսափիլ երեւոյթի հոգեւորականութենէն

Մենք պէտք է խուսափինք երեւոյթի հոգեւորականութենէն՝  յայտնուիլ գեղեցիկ արտաքինով զանց ընելով սրտին մաքրութիւնը։ «Յաճախ կ՛իյնանք փորձութեան մէջ  Աստուծոյ նուիրելու  արտաքին պաշտամունք մը, սակայն Յիսուս չի բաւարարուիր այդ  մէկով,  Ան արտաքին տեսք չուզեր, Ան  հաւատք կ՛ուզէ, հաւատք  որ կը հասնի սրտին» յայտնեց Սրբազան Քահանայապետը դիտել տալով թէ ինչպէս Յիսուս այդ դէպքէն ետք ժողովուրդը իր մօտ կանչելով, ըսաւ. «Չկայ բան մը որ դուրսէն մտնէ մարդուս ներսը եւ կարենայ զինքը պղծել, այլ ինչ որ մարդէն կ՛ելլէ` ա՛ն է որ կը պղծէ զինքը…. Որովհետեւ ներսէն, այսինքն մարդուս սրտէն կ՛ելլեն չար խորհուրդները»։

Տիրոջմէ խնդրենք  որ մեզ ազատէ միւսները մեղադրելու փորձութենէն

Յիսուսին այս խօսքերը ուղղուած են նաեւ մեզի։ Մենք ալ կը մտածենք թէ չարը դուրսէն կու գայ, միւսներուն վարմունքէն, մեր մասին չար մտածողներէն, ընկերութենէն։ Միշտ ուրիշները կը մեղադրենք  ու մեր ժամանակը կը վատնենք այդ յանցանքները բաժնելով ասոր ու անոր։ Մեր ժամանակը կը վատնենք նման Աւետարանի այն մարդոց, որոնք կը գայթակղին, կը բողոքէն, կը վիճաբանին սակայն Յիսուսը չեն ընկալել, արդարեւ  «զայրոյթը, դժգոհութիւնն ու տխրութիւնը Աստուծոյ առջեւ դռները կը փակեն» նշեց Ֆրանչիսկոս Պապը ու հրաւիրեց Տիրոջմէ խնդրել  որ մեզ ազատէ միւսները մեղադրելու փորձութենէն։

Զարը  յաղթահարել սկսելով մեր ներքինէն

 Յիսուս մեզ կը հրաւիրէ աշխարհն ու կեանքը դիտելու մեկնելով մեր սրտէն։ Երբ մենք նայինք մեր ներքինին կը գտնենք այն ամէն բաները զոր կ՛ատենք դուրսը ու եթէ անկեղծութեամբ Աստուծմէ հայցենք որ մեր սրտերը բիւրեղացնէ, այդ ժամանակ կը սկսինք աւելի մաքուր դարձնել աշխարհը, «որովհետեւ կայ անսխալական կերպ մը յաղթելու համար չարին այն է սկսիլ զայն յաղթել մեր ներսէն» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ու դիմեց  Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութեան,  որպէսզի մեզ օգնէ բիւրեղացնելու մեր սիրտը յաղթահարելով ուրիշները մեղադրելու և ամէն ինչի համար բողոքելու գէշ սովորութիւնը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/08/2021, 12:14

«Հրեշտակ Տեառն»ը աղօթք մըն է որ կ՛արտասանուի օրը երեք անգամ ի յիշատակ Մարդեղութեան խորհուրդին – առաւօտեան 6-ին, կէսօրին ու երեկոյեան 18-ին, պահը երբ կը հնչէ «Հրեշտակ Տեառն»ի զանգակը։ Աղօթքին անունը առնուած է աղօթքին առաջին բառերէն «Հրեշտակ Տեառն աւետեաց Սրբոյ Կուսին Մարիամու» ու բաղկացած է երեք փոքրիկ նախադասութիւններէ որոնք կը հային Յիսուս Քրիստոսի Մարդեղութեան, ապա երեք Ողջոյն Քեզ Մարիամ աղօթք։ Սոյն աղօթքը կ՛արտասանէ Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, Կիրակի օր կէսօրին ու Տօնական օրերուն առթիւ։ Հրեշտակ Տեառն աղօթքէն առաջ Քահանայապետը կը ներկայացնէ հակիրճ խորհրդածութիւն մը, ներշնչուելով օրուան սուրբգրային ընթերցումներէն, որուն կը յաջորդէ նաեւ ուխտաւորներուն ուղղուած ողջոյնի խօսքը։ Սուրբ Զատիկէն մինչեւ Պենտեկոստէի տօնը, Հրեշտակ Տեառն-ի տեղ կ՛արտասանուի «Ուրախ լեր Թագուհի Երկնից» աղօթքը, որ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան յիշատակին աղօթքն է, որուն աւարտին «Փառք Հօր»ը կ՛արտասանուի երեք անգամ։

Վերջին «Հրեշտակ Տեառնը» / «Ուրախ լեր Թագուհի երկնից»

Կարդալ բոլորը >