Որոնել

«Որ՞ու երթանք Տէր` դուն ունիս յաւիտենական կեանքի խօսքերը». Մարեմեան աղօթքի խծորհրդածութիւն

«Հայցենք շնորհքը թոյլ տալու որ Տէրը մեզ շահագրգռէ ու մեզ դարձի բերէ իր յաւիտենական կեանքի խօսքերով
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 22 օգոստոս 2021ի կէսօրին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը կիրակնօրեայ «Հրեշտակ տեառն» մարեմեան աղօթքին ընթացքին ներկայացուցած խորհրդածութեան նիւթ ընտրեց Յովհաննէսի Աւետարանէն քաղուած այն հատուածը երբ Յիսուս, հացի բազմացումի հրաշքը գործելէ ետք ու իրեն հետեւողներուն բացայայտելէ ետք թէ Իր տուած հացը` իր մարմինն ու իր արիւնն են, կը տեսնէ որ շատեր կը հեռանան իրմէ, ուստի հարց կու տայ աշակերտներուն եթէ իրենք եւս կ՛ուզեն լքել զինք։

Ու՞ր երթանք Տէր

Սիմոն Պետրոսը բոլորի անունով կը պատասխանէ «Ու՞ր երթանք Տէր, դուն ունիս յաւիտենական կեանքի խօսքը ու մենք ճանչցանք ու հաւատացինք թէ դուն Աստուծոյ Սուրբն ես» (Յովհ. 6 ,68-69).

Աւետարանական ընթերցումը մեկնաբանելով եւ ակնարկելով անոնց` որոնք հեռացան Սրբազան Պապը հարց տուաւ «ո՞րն էր պատճառը անոնց այդ որոշումին»։

Յիսուսին խօսքերը մեծ գայթակղութիւն պատճառեցին

«Յիսուսին խօսքերը մեծ գայթակղութիւն պատճառեցին» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը։ Յիսուս ըսաւ թէ Աստուած ընտրեց ինքզինք յայտնել ու իրագործել փրկութիւնը` մարդկային մարմնի տկարութեան միջոցաւ։ Աստուծոյ մարդեղութիւնն էր գայթակղութիւնը ու այդ մարդոց համար այդ մէկը արգելք էր» աւելցուց Նորին Սրբութիւնը։

Յիսուս արդարեւ կը հաստատէ` թէ փրկութեան իսկական հացը, որ յաւիտենական կեանք կը պարգեւէ, իր իսկ մարմինն է ու թէ Աստուծոյ հետ հաղորդութեան մէջ մտնելու համար, օրէնքները պահելէն առաջ պէտք է ապրիլ Յիսուսին հետ իրական ու գործնական յարաբերութիւն մը։

Աստուած ճանչնալ Յիսուսին մարդեղութեան մէջ

«Այս կը նշանակէ թէ պէտք չէ զԱստուած հետապնդել երազներու, մեծութեան ու զօրութեան պատկերներուն մէջ, այլ զԻնք ճանչնալ Յիսուսին մարդեղութեան մէջ, հետեւաբար մեր կեանքի ուղեւորութեան ընթացքին հանդիպած եղբայրներուն ու քոյրերուն մէջ» ըսաւ ի մէջ այլոց Սրբազան Պապը հաստատելով ` որ Աստուծոյ հետ հանդիպելու ճանապարհը` զԱյն ճանչնալն է Յիսուսին մարդեղութեան մէջ ու մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն մէջ։

«Այսօր եւս Աստուծոյ յայտնութիւնը Յիսուսին մարդկութեան մէջ կարող է գայթակղութիւն պատճառել ու դիւրին չէ այս մէկը ընդունիլը» յարեց Նորին Սրբութիւնը հաստատելով որ «Այս գայթակղութիւնը ներկայացուցած է Սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդովը»։

Ի՞նչ նշանակութիւն կարող է ունենալ աշխարհի աչքերուն համար ծունկի գալ պատառ մը հացի առջեւ. Ի՞նչու սնանիլ յարատեւ կերպով այդ հացէն» հարց տուաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապը։

Մտահոգուելու ենք երբ Յիսուսին խօսքերը մեզ չեն զարմացներ

«Յիսուսին հրաշագործ արարքին դիմաց, որ հինգ հացերով ու երկու ձուկերով կերակրեց հազարաւոր մարդիկ, բոլորն ալ հրճուեցան եւ ուզեցին զայն յաղթական կերպով ընկալել։ Բայց երբ Ան  բացատրեց թէ այդ արարքը նշանն էր իր զոհաբերումին, այսինքն կեանքի նուիրումին, ու թէ ան որ իրեն կ՜ուզէ հետեւիլ պէտք է իրեն նմանի ու այդ քայլը կատարէ, այդ պահուն այդ Յիսուսը այլեւս ընկալելի չէր անոնց համար» դիտել տուաւ Նորին Սրբութիւնը, որ խորհրդածութեան աւարտին նշեց` թէ «պէտք չէ զարմանանք եթէ Յիսուս Քրիստոս մեզ կը մատնէ տագնապի։ Ընդհակառակը պէտք է մտահոգուինք երբ ան մեզ տագնապի չի մատներ, որովհետեւ մի գուցէ մենք անոր պատգամը լաւապէս չենք ընկալած»։

Հաւատքը վկայել կեանքի շօշափելի արարքներով

«Հայցենք շնորհքը թոյլ տալու որ ան մեզ շահագրգռէ ու մեզ դարձի բերէ իր յաւիտենական կեանքի խօսքերով» ըսաւ հուսկ Սրբազան Քահանայապետը ու խորհրդածութիւնը եզրափակեց հայցելով Սուրբ Կոյս Մարիամին բարեխօսութիւնը որպէսզի մեզի օգնէ մեր հաւատքը մշտապէս վկայելու մեր իսկ գործնական կեանքովը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/08/2021, 12:09

«Հրեշտակ Տեառն»ը աղօթք մըն է որ կ՛արտասանուի օրը երեք անգամ ի յիշատակ Մարդեղութեան խորհուրդին – առաւօտեան 6-ին, կէսօրին ու երեկոյեան 18-ին, պահը երբ կը հնչէ «Հրեշտակ Տեառն»ի զանգակը։ Աղօթքին անունը առնուած է աղօթքին առաջին բառերէն «Հրեշտակ Տեառն աւետեաց Սրբոյ Կուսին Մարիամու» ու բաղկացած է երեք փոքրիկ նախադասութիւններէ որոնք կը հային Յիսուս Քրիստոսի Մարդեղութեան, ապա երեք Ողջոյն Քեզ Մարիամ աղօթք։ Սոյն աղօթքը կ՛արտասանէ Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, Կիրակի օր կէսօրին ու Տօնական օրերուն առթիւ։ Հրեշտակ Տեառն աղօթքէն առաջ Քահանայապետը կը ներկայացնէ հակիրճ խորհրդածութիւն մը, ներշնչուելով օրուան սուրբգրային ընթերցումներէն, որուն կը յաջորդէ նաեւ ուխտաւորներուն ուղղուած ողջոյնի խօսքը։ Սուրբ Զատիկէն մինչեւ Պենտեկոստէի տօնը, Հրեշտակ Տեառն-ի տեղ կ՛արտասանուի «Ուրախ լեր Թագուհի Երկնից» աղօթքը, որ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան յիշատակին աղօթքն է, որուն աւարտին «Փառք Հօր»ը կ՛արտասանուի երեք անգամ։

Վերջին «Հրեշտակ Տեառնը» / «Ուրախ լեր Թագուհի երկնից»

Կարդալ բոլորը >