Աֆղանիստանէն դէպի Միացեալ Նահանգներ փախուստ տուած կին մը։ Աֆղանիստանէն դէպի Միացեալ Նահանգներ փախուստ տուած կին մը։  

Աֆղանիսատն. խաղաղութեան քաջութիւնը։ Խաղաղութեան հայող Քահանայապետերու խօսքերէն։

Թող դադրի զէնքերու ժխորը եւ կարելի ըլլայ լուծումներ որոնել երկխօսութեան սեղանին շուրջ։ Միայն այդպէս է որ Աֆղանիստանի բնակիչները կարող են վերադառնալ իրենց տուները, ապրիլ խաղաղութեամբ, ապահովութեամբ եւ փոխադարձ յարգանքով։
Ունկնդրէ լուրը

Ամէտէօ Լօ Մոնաքօ - Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Խաղաղութեան պատճառները աւելի ուժեղ են, քան որոշակի շահերու հաշուարկը և զէնքի օգտագործման նկատմամբ վստահութիւնը». 1963 թուականի Սուրբ Յովհաննէս ԻԳ Քահանայապետին «Pacem in Terris - Խաղաղութիւն Երկրի վրայ» շրջաբերականին մէջ պարունակուած սոյն խօսքերը, որոնք արձագանգեցին նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապին «Fratelli tutti – Բոլորս եղբայրներ» շրջաբերականին մէջ, այսօր աւելի քան երբեք այժմէական են, ի տես Աֆղանիստանի մէջ պատահածին ուր կը ներխուժէ քաղաքացիական պատերազմի մը սպառնալիքը։

Աֆղանիստանի ապրած ճգնաժամային պահերը չեն կարող ու պէտք չեն հանգեցնել նոր պատերազմի մը։ Նոյնիսկ երբ պատերազմի քամին կը փչէ, ապագան պէտք է կառուցուի երկխօսութեան ու պատերազմի փնտռտուքի վրայ։

Ռումբերը խաղաղութիւն չեն կառուցեր

«Ռումբերով չէ` որ կարելի է կառուցել Երկրի մը ապագան» հաստատած էր 1992-ի յունուարին երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետը, Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագիտական մարմնի ադամներուն ուղղած իր մէկ ճառին մէջ։

Խաղաղութեան քաջութիւնը

«Խաղաղութիւնը իրականացնելու համար քաջութիւն պէտք է. Աւելի քաջութիւն քան պատերազմ ընելու քաջութիւնը։ Քաջութիւն պէտք է այո ըսելու հանդիպումին եւ ոչ բախումին, այո երկխօսութեան եւ ոչ բռնութեան, այո բանակցութեան եւ ոչ թշնամանքին, այո համաձայնութիւններու յարգանքին եւ ոչ սադրանքներուն, այո անկեղծութեան ե ոչ երկակիութեան։ Այս բոլորին համար անհրաժեշտ է քաջութիւն մեծ քաջութիւն» ըսած էր Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը 2014 յունիսին Վատիկանի պարտէզներուն մէջ Իսրայէլի եւ Պաղեստինի համար կայացած խաղաղութեան հանդիպումին ընթացքին։

Ոչ պատերազմին

1965 թուականին այլ Քահանայապետ մը` Պօղոս Զ ՄԱԿ-ի ամպիոնէն բացագանչած էր . «Այլեւս ոչ պատերազմ, այլեւս ոչ պատերազմ։ Խաղաղութիւն, խաղաղութիւնը պէտք է առաջնորդէ ժողովուրդներուն ու համայն մարդկութեան ճակատագիրը»։

Միակ մարդկային ընտանիքի անդամներ

Աֆղանիստանի բնակիչները չեն կարող այսօր յառաջ ընթանալ առանց իսկական խաղաղութեան, ինչպէս յիշեցուցած էր Վաստակաւոր Քահանայապետ Պենետիկտոս ԺԶը 2013 թուականին, երբ հաստատեց թէ «խաղաղութիւնը Աստուածային պարգեւ մըն է» ու նաեւ «մարդկային գործ է». «Անոր իրականացումը կախեալ է ամէնէն առաջ, մենք մեզ ճանչնալու որպէս Աստուծոյ մէջ միակ մարդկային ընտանիք».

Թող դադրի զէնքերու ժխորը

Անցեալ 15 օգոստոս 2021ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հայեացքը ուղղելով Քապուլին կիրակնօրեայ մարեմեան աղօթքի ընթացքին կոչ ուղղեց «որպէսզի դադրի զէնքերու ժխորը եւ կարելի ըլլայ լուծումներ որոնել երկխօսութեան սեղանին շուրջ»։ «Միայն այդպէս է, որ այդ երկրին մարտիրոս բնակիչները - մարդիկ, կիներ, տարեցներ ու մանուկներ,- կարող են վերադառնալ իրենց տուները, ապրիլ խաղաղութեամբ ու ապահովութեամբ, փոխադարձ յարգանքով» ըսած էր Սրբազան Պապը։ ։

Եղբայրութեան ճանապարհ

Միայն այդպիսով է, որ Աֆղանիստանի ժողովուրդը կարող է քալել խաղաղութեան ճանապարհէն, եղբայրութեան ճանապարհէն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/08/2021, 10:28