«Մենք ընտանիք մըն ենք, ոչ մէկուն թող պակսի կերակուրը կամ ջուրը». Ֆրանչիսկոս Պապ։

«Քանի՞ մայրեր ու քանի հայրեր այսօր անկողին կ՛երթան այն մղձաւանջով որ երկրորդ օրը բաւարար հաց պիտի չունենան իրենց զաւակներուն համար»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Մարդկային համապարփակ զարգացումի Ժողովը Քովիտ19 Վատիկանեան յանձնաժողովի հետ համագործակցութեամբ հրապարակած է տեսերիզ մը, որուն մէջ ամփոփուած են Ֆրանչիսկոս Պապին հրաւէրներն ու կոչերը` ուղղուած միջազգային հասարակութեան, որպէսզի արմատախիլ ընէ անօթութեան պատճառները ու պահպանէ մարդ անհատի արժանապատւութիւնն ու մոլորակը։

Աշխարհի մէջ անօթութիւնը հարց մըն է որ կը հայի բոլորիս ու զայն յաղթահարելը բարոյական հրամայական մըն է, որ ամենայնդէպս կարելի չէ իսկապէս ձեռք բերել եթէ անօթութեան դէմ պայքարը չի ներառէ նաեւ շրջապատի պաշտպանութիւնը ու մասնաւորապէս եթէ «մարդկային ընտանիքը» շարունակէ ունենալ զաւակներ ու խորդ զաւակներ, այսինքն անոնք որոնց երաշխաւորուած է բաւական սնունդ ու շատեր որոնց այդ մէկը հասանելի չէ։ Այս մէկը Քահանայապետին մտածումներէն մին է որ պարունակուած է վերոնշեալ տեսերիզին մէջ, որ լոյս տեսաւ այս օրերուն ՄԱԿ-ի կողմէ կազմակերպուած պարենային համակարգերու նախագագաթնաժողովին առթիւ որ վերջ գտաւ 28 յուլիսին։

Մտահոգուիլ մարդ էակով։

2014ի նոյեմբերին ՖԱՕին ուղղած մէկ պատգամին մէջ Սրբազան Պապը կը հաստատէ թէ «սնունդի իրաւունքը կ՛երաշխաւորուի միայն երբ մենք մտահոգուինք անոր իսկական ենթակայով` այսինքն մարդ անհատը, որ կը տառապի սովի հետեւանքէն ու թերասնումի պատճառաւ»։ Մինչ 2017ին արտասանած այլ ճառի մը մէջ Նորին Սրբութիւնը առաջարկած էր «ապրելակերպի, միջոցներու օգտագործման, արտադրութեան եւ սպառման չափանիշերու մէջ փոփոխութիւն»։

Սնունդի պակասին ցաւը

«Քահանայապետին համար բաւարար չէ սնունդ արտադրել, կարեւոր է նաեւ որ սննդական համակարգերը ըլլան կայուն եւ տրամադրեն առողջ ու բոլորին հասանելի սննդապահք» (Պատգամ 2020ի սնունդի համաշխարհային օրուան առթիւ)։

«Բոլորի համար սնունդ կայ բայց ոչ բոլորը կարող են ուտել» կ՛եզրակացնէ հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապը 2015ի փետրուարին «Մտքերու ցուցահանդէսն» առթիւ ուղղած լսատեսողական պատգամի մը մէջ, մինչ 2019ի մարտ 27ի հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին ան հարց կու տայ «քանի՞ մայրեր ու քանի հայրեր այսօր անկողին կ՛երթան այն մղձաւանջով որ երկրորդ օրը բաւարար հաց պիտի չունենան իրենց զաւակներուն համար» այս ուղղութեամբ նշելով, որ սովի պատճառաւ մահը արժանապատւութենէ զրկումի ամէնավատ կերպն է։

Ճանապարհի փոփոխութիւն

Մարդկային համապարփակ զարգացումի Ժողովի կողմէ պատրաստուած տեսերիզը կ՛եզրափակուի կոչով մը` ուր Ֆրանչիսկոս Պապը կը յիշեցնէ «մեր աղքատ եղբայրները ու մեր մայր հողը կը տառապին վնասին ու անարդարութիւններուն համար, զոր մենք պատճառեցինք ու կը պահեն մեզմէ ուղղութեան փոփոխութիւն։ Մեզմէ կը խնդրեն դարձ մը, ճանապարհի փոփոխութիւն. Հոգ տանիլ նաեւ հողին եւ արարչագործութեան» (Հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւն (16 սեպտեմբեր 2020)։

Տեսերիզը վերջ կը գտնէ հուսկ Քահանայապետին 2013ին արտասանած խօսքով մը «մէկ մարդկային ընտանիք, սնունդ բոլորի համար» որ եղաւ նաեւ Քարթասի 2013ի քարոզարշաւի կարգախօսը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/07/2021, 08:11