Մարեմեեան աղօթքին մասնակցող Սլովաքիայի հաւատացեալներ Մարեմեեան աղօթքին մասնակցող Սլովաքիայի հաւատացեալներ  

Յառաջիկայ Սեպտեմբերին Ֆրանչիսկոս Պապ պիտի այցելէ Պուտաբեշտը ապա Սլովաքիան։

Նորին Սրբութիւնը կոչ ուղղեց ի նպատս հարաւային Ափրիկէի Էսվաթինի պետութեան մէջ խաղաղութեան եւ համակեցութեան հաստատումին։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան 

«Ֆրանչիսկոս Պապին այս առաւօտ Մարեմեան Աղօթքի ընթացքին կատարած յայտարարութեան համաձայն, ընդառաջելով քաղաքացիական իշխանութիւններուն ու երկրին եպիսկոպոսական համահաւաք դասին կիրակի 12 սեպտեմբեր 2021-ին Ֆրանչիսկոս Պապը պիտի այցելէ Պուտաբեշտը, Սուրբ Հաղորդութեան միջազգային 52-րդ համագումարի եզրափակիչ Սուրբ Պատարագին առթիւ, ապա 12-15 սեպտեմբեր 2021-ին պիտի այցելէ Սլովաքիան հանգրուան կատարելով Պրաթիզլաւ, Փրեշով,, Քոշիչէ եւ Շաշդին քաղաքներ. Ճամբորդութեան յայտագիրը կը հրապարակուի յետագային»։

Այս հաղորդագրութիւնը հրապարակեց Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակի տնօրէն Տիար Մաթթէօ Պրունի յղում կատարելով Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Մարեմեան Աղօթքի ընթացքին կատարած յայտարարութեան ուր Ան իր գոհունակութիւնը յայտնեց այդ հովուական ճամբորդութեան համար շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր անոնց որոնք կը պատրաստեն ճամբորդութիւնը ու հրաւիրելով հաւատացեալները աղօթելու այդ ճամբորդութեան յաջողութեան համար։

Նախ քան սոյն յայտարարութիւնը Սրբազան Պապը յիշեց հարաւային Ափրիկէի Էսվաթինի պետութիւնը որտեղէն կը հասնին բախումներու եւ բռնութիւններու լուրեր։

«Կը հրաւիրեմ անոնք որոնք պատասխանատուութեան տէր են ու անոնք որոնք կը բացայայտեն իրենց ձգտումները Երկրին ապագային համար միասնական ջանքերով դիմելու երկխօսութեան, հաշտութեան ու տարբեր կեցուածքներու խաղաղ կազմին» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը։

Ան ապա ողջունեց  հրապարակ ժամանած ուխտաւորներու խումբերը հուսկ հրաժեշտ առաւ բոլորին մաղթելով բարի կիրակի ու խնդրելով որ չի մոռնան աղօթելու իրեն համար:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/07/2021, 12:20