Կարդինալ Փիթրօ Փարոլին Կարդինալ Փիթրօ Փարոլին 

Կարդինալ Փարոլին. «Քուրիայի բարեփոխումը անհրաժեշտ է Պապին ծառայութեան գործիք դառնալու համար։»

Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի հարցազրոյցը La croix Ֆրանսական օրաթերթին հետ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Սթրասպուրկ կատարելիք այցելութեան լոյսին ներքոյ, Վատիկանի Պետական քարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, Ֆրանսական La Croix, օրաթերթի հետ ունեցած է երկար հարցազրոյց մը, որուն ընթացքին զրուցեց, անչափահասներուն սեռային բռնութեան հարցերուն, Վատիակնի մէջ դատական խնդիրներու թափանցիկութեան եւ Ֆրանսայի մէջ որդեգրուած կենսաբանութեան հայող օրէնքին մասին։ ինչպէս նաեւ , Ֆրանչիսկոս Պապին Ֆրանսակակատարելիք այցելութեան մասին։
Նշենք որ Կարդինալ Փարոլին Սթրասպուրկ պիտի այցելէ Ալսացիային պաշտպան սուրբ, Սրբուհի Օտիլիային մահուան դարադարձին առիթով։

Ունկնդրէ լուրը

Վատիկանի Պետական քարտուղարը հարցազրոյցին մէջ շեշտեց չվախնալ ճշմարտութենէն, նկատել տալով որ սեռային բռնութեան հարցերը շատ տխուր երեւոյթներն են ու անհրաժեշտ է զանոնք դժոխային ձեւով դիմագրաւել որպէսզի անոնցմէ ծնի նոր խիղճ մը պայքարելու համար այդ երեւոյթներու դէմ եւ կանխատեսելու այդ արարքներու կրկնութիւնը։

Ինչ կը հայի Քուրիայէն ներ բարեփոխումներուն կարդինալ Փարոլին նշեց որ բարեփոխութեան փաստաթուղթը այժմ կը գտնուի կարդինալներու խորհուրդին ձեռքերուն մէջ ու այդ նոր փաստաթուղթը պիտի փոխարինէ Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապին Փասթոր Պոնուս փաստաթուղթը, որ պիտի հրապարակուը ֆրանչիսկոս Պապին հրամանին տակ, Ու անոր մէջ պարունակուած փոփոխութիւնները կրնան դժուարութիւններ ստեղծել եկեղեցիէն ներս։

Կարդինալ Փարոլին ապա նշեց, որ տակաւին չէ նախատեսուած Ֆրանչիսկոս Պապին հովուական այցելութիւնը Ֆրանսա, նոյնիսկ եթէ կայ ծրագիր մը այդ ուղղութեամբ։
Ֆրանչիսկոս Պապ իր այցելութեան մասին խօսած է Էմմանուէլ Մաքրոնին հետ ։Սակայն տակաւին չէ ճշդուած թուական մը ։ Ֆրանսան արժանի ֆրանիսկոս Պապին այցելութեան ըսաւ կարդինալ Փարոքին։

Վատիկանի Պետական քարտուղարը զրուցեց նաեւ Ֆրանսայի մէջ վերջերս որդեգրուած կենսաբանութեան հայող նոր օրէնքին մասին որ կաթողիկէներու կողմէ խիստ վիճաբանուած նիւթ մըն է։ «Կաթողիկէները կրնան իրենց ձայնը լսեցնել, հաւատքի վրայ հիմնուած նիւթերու մասին, նոյնիսկ եթէ անոնք շատ նուրբ նիւթեր են։ Եթէ այդ օրէնքը որդեգրուած է այդ կը նշանէ որ ինչ որ կատարուած է եղած է յանուն պաշտպանութեան, արժանապատուութեան եւ իւրաքանչիւր մարդկային կեանքի արժէքին։ ըսաւ Կարդինալ Փարոլին։


 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/07/2021, 09:54