Սան Տամազօ հրապարակը Սան Տամազօ հրապարակը 

Քահանայապետական ընդհանուր ունկնդրութիւնները կը վերսկսին 4 օգոստոսին։

Յայտնենք թէ աւանդութիւն է որ Քահանայապետերը Յուլիս ամսուայ ընթացքին իրենց ամառնային արձակուրդներն ու հանգիստը կատարեն։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
    

Չորեքշաբթի օրուայ Քահանայապետական ընդհանուր ունկնդրութիւնները, որոնք հակիրճ դադար մը ունեցան Յուլիս ամսուայ ընթացքին պիտի վերսկսին յառաջիկայ չորեքշաբթի 4 օգոստոսին Վատիկանի Սան Տամազօ հրապարակին վրայ։

Յայտնենք թէ աւանդութիւն է որ Քահանայապետերը Յուլիս ամսուայ ընթացքին իրենց ամառնային արձակուրդներն ու հանգիստը կատարեն։

Ֆրանչիսկոս Պապէն առաջ անոնք յուլիս եւ օգոստոս ամիսները կ՛անցնէին Քասթելկանտոլֆոյի Քահանայապետական ամառնային պալատին մէջ։

Ֆրանչիսկոս Պապ իր ընտրութենէն ետք որոշեց այդ շրջանը անցնել Վատիկանի իր նստավայրին մէջ։

Նշենք թէ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւններու սովորութիւնը սկիզբ առած է Պօղոս Զ Քահանայապետի օրով։ Հրապարակային կամ ընդհանուր կը կոչուի՝ որովհետեւ այդ ունկնդրութեան կարող են մասնակցիլ բոլոր այն հաւատացեալները որոնք կը փափաքին ներկայ գտնուիլ այդ համախմբումին։

Ունկնդրութիւնները սկիզբ կ՛առնեն ընդհանրապէս օրուան աւետարանական ընթերցումով զոր զանազան խօսնակներ կը ներկայացնեն տարբեր լեզուներով, ապա Սրբազան Քահանայապետը կը ներկայացնէ օրուան խորհրդածութիւնը որուն աւարտին տարբեր լեզուներով կը կատարուի անոր համառօտ ներկայացումը։

Ունկնդրութիւնը վերջ կը գտնէ Տէրունական աղօթքով ու Քահանայապետին առաքելական օրհնութեամբ։

Սկզբնական շրջանին հրապարակային ընդհանրական ունկնդրութիւնը տեղի կ՛ունենար Սուրբ Պետրոսի Մայր Տաճարին ներքոյ եւ կամ Վատիկանի այլ հրապարակներու վրայ։ 1975-ի Սուրբ տարուայ առթիւ, երբ Հռոմ ժամանող հաւատացեալներու եւ ուխտաւորներու թիւը սկսաւ աճիլ, որոշուեցաւ հրապարակային ունկնդրութեան վայր ընտրել Սուրբ Պետրոսի հրապարակը։ Այդ օրէն սկսեալ այդ ունկնդրութիւնները կը կատարուին հրապարակի վրայ, մինչ ձմեռային ամիսներու ընթացքին ունկնդրութիւնները տեղի կ՛ունենան  ''Ներվի կամ Պօղոս Զ անուան Դահլիճին մէջ'', զոր երջանկայիշատակ Սուրբ Պօղոս Զ Քահանայապետը զայն կառուցել տուած էր ճիշդ այդ դիտաւորութեամբ։

2020-ի Մարտ ամիսէն սկսեալ, ի տես Քովիտ19 համաճարակին ստեղծած առողջապահական ճգնաժամին, որոշուեցաւ այդ ունկնդրութիւնները` ի շարս այլ ձեռնարկներու, կատարել առցանց` ուղիղ եթերով, Քահանայապետական պալատի Մատենադարանէն, ու համաճարակի տարածման մեղմացումէն ետք անոնք սկսան կատարուիլ Վատիկանի Սան Տամազօ հրապարակին վրայ, հաւատացեալներու մասնակցութեամբ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/07/2021, 10:29