Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ այցելեց Ճեմելլի հիւանդանոցին մանկաբուժարանի ուռուցքաբանութեան կեդրոնի մանուկները

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին հաղորդագրութիւնը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երեքշաբթի,  14 յուլիսին, Ֆրանչիսկոս Պապ Հռոմի Ճեմելլի հիւանդանոցին մէջ այցելեց ուռուցքաբանութեան կեդրոնի մէջ խնամուող մանուկներուն ։ Լուրը հաղորդեց Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն տիար Մաթէօ Պրունին, որուն հրապարակած տեղեկագրին մէջ կը նշուի թէ ֆրանչիսկոս Պապ,իր յարկաբաժինէն, մանկաբուժարանէն ներս նուագի ու երգի ձայն լսելէ ետք ուզած է այցելել մանկաբուժարանի մանկուկները, ուր ողջունեց ու գուրգուրանքի խօսքեր ուղղեց մամուկներում ու անոնց ընկերացող ընտանեկան պարագաներուն։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/07/2021, 11:37