Ֆրանչիսկոս Պապը Վատիկանի մէջ ընդունեց Իրաքի Վարչապետ` Մուսթաֆա Ալ Քատիմին Ֆրանչիսկոս Պապը Վատիկանի մէջ ընդունեց Իրաքի Վարչապետ` Մուսթաֆա Ալ Քատիմին 

Ֆրանչիսկոս Պապը Վատիկանի մէջ ընդունեց Իրաքի Վարչապետ` Մուսթաֆա Ալ Քատիմին

Զրոյցներու ընթացքին ապա կարեւորուեցաւ Երկրին մէջ քրիստոնեաներու պատմական ներկայութիւնը իրաւակն պատշաճ միջոցներով պաշտպանելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ անոնց հասարակաց բարիքին ի նպաստ նշանակալից ներդրումը, ընդգծելով հարկաւորութիւնը անոնց եւս երաշխաւորելու միւս քաղաքացիներուն նոյն իրաւունքներն ու պարտականութիւնները։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ

«Այսօր 2 Յուլիսին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց Մուսթաֆա Ալ Քատիմիին, Իրաքի հանրապետութեան վարչապետ, որ ապա հանդիպում ունեցաւ Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինին հետ որուն կ՛ընկերանար Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղարը` գերապայծառ Փոլ Կալլակէրը» Լուրը կը հաղորդէ Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակը որ կը նշէ նաեւ թէ սիրալիր զրոյցներու ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին Իրաք կատարած պատմական այցին մասին ու Իրաքցիներուն ապրած միութեան պահերուն, շեշտը դնելով ազգային երկխօսութեան մշակոյթին զարգացման կարեւորութեան վրայ խթանելու համար երկրին կայունութիւնը ու վերաշինութեան գործընթացքը։

Զրոյցներու ընթացքին ապա կարեւորուեցաւ Երկրին մէջ քրիստոնեաներու պատմական ներկայութիւնը իրաւական պատշաճ միջոցներով պաշտպանելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ անոնց հասարակաց բարիքին ի նպաստ նշանակալից ներդրումը, ընդգծելով հարկաւորութիւնը անոնց եւս երաշխաւորելու միւս քաղաքացիներուն նոյն իրաւունքներն ու պարտականութիւնները։

Ի վերջոյ ակնարկուեցաւ տարածաշրջանային իրավիճակի մասին, գնահատելով Երկրին ի գործ դրած ջանքերը, միջազգային հասարակութեան օժանդակութեամբ, վերահաստատելու համար վստահութեան եւ խաղաղ համակեցութեան մթնոլորտը։

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/07/2021, 13:27