Մարդավաճառութեան դէմ պայքարի համաշխարհային օր Մարդավաճառութեան դէմ պայքարի համաշխարհային օր 

«Մարդավաճառութեան տնտեսութիւնը դարձնել խնամքի տնտեսութիւն» Ֆրանչիսկոս Պապ։

«Մարդավաճառութեան պայքարի համաշխարհային օրուան առթիւ ես բոլորին կոչ կ՛ընեմ աշխատելու զոհերու հետ միասին որպէսզի մարդավաճառութեան տնտեսութիւնը վերածենք խնամքի տնտեսութիւն: #CareAgainstTrafficking #EndHumanTrafficking #TalithaKum
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ամէն տարուայ 30 Յուլիսը Մարդավաճառութեան դէմ պայքարի համաշխարհային օրն է՝ որ ՄԱԿ-ի կողմէ հռչակուած է 2013-ին։

Քահանայապետին թուիթը

Մարդավաճառութեան համաշխարհային այս օրուան առիթով Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրապարակեց թուիթ մը՝ որուն մէջ ընդգծեց՝ «Մարդավաճառութեան պայքարի համաշխարհային օրուան առթիւ ես բոլորին կոչ կ՛ընեմ աշխատելու զոհերու հետ միասին, որպէսզի մարդավաճառութեան տնտեսութիւնը վերածենք խնամքի տնտեսութիւն: #CareAgainstTrafficking #EndHumanTrafficking #TalithaKum

Մարդավաճառութիւնը ոճիր  է

Մարդավաճառութիւնը ոճիր մըն է՝ որ մարդիկ, կիներ, ու մանուկներ թիրախ կը դարձնէ չարաշահումներու տարբեր ձեւերու, որոնց շարքին սեռային չարաշահումը եւ հարկադիր աշխատանքը։

ՄԱԿ-ի մարդավաճառութեան հայող տեղեկագիրի համաձայն՝ մարդավաճառութեան գոհերուն մէկ երրորդը կազմուած է անչափահասներէ մինչ անոնց 71 առ հարիւրը կազմուած է կիներէ եւ անչափահաս աղջիկներէ։

Թալիթա Քում ցանցի ձեռնարկը

Նշենք թէ մարդավաճառութեան դէմ պայքարի օրուան առիթով Նուիրեալ Կեանքի «Թալիթա Քում» միջազգային ցանցը ձեռնարկած է «Care Against Trafficking» խորագիրով քարոզարշաւ մը, որուն միջոցաւ կ՛ուզէ ապացուցել թէ խնամքը կարող է ըլլալ դարման ու խթան պայքարելու համար մարդու արժանապատւութիւնը ոտնակոխ ընող այս ոճիրին դէմ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/07/2021, 13:30