Կարդինալ Մոնսենկվոն Կարդինալ Մոնսենկվոն 

Քահանայապետը յիշեց Կարդինալ Մոնսենկվոն. խաղաղութեան եւ գիտութեան մարդ։

«Ան եղաւ Արդարութեան, խաղաղութեան և միասնութեան սիրահարուած մարդ» որ «ուժեղ կերպով ներգրաւուած էր Քոնկոյի ​​Հանրապետութեան մէջ մարդկային համապարփակ զարգացման ուղիով»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կարդինալ Մոնսենկվոյի մահուան ի լուր Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը ցաւակցական հեռագիր յղեց Քինշասայի Արքեպիսկոպոս` Կարդինալ Ֆրիտոլին Ամպոնկօ Պեզունկոյին, որուն մէջ իր ցաւն ու տխրութիւնը արտայայտեց ծիրանաւորի մահուան համար ու ցաւակցութիւններ փոխանցեց ննջեցեալի ընտանեկան պարագաներուն ու հաւատացեալներուն։

«Բոլոր ողորմութիւններու Հօրմէն կը խնդրեմ որ իր խաղաղութեան եւ լոյսին մէջ ընդունի այդ մեկնիչը, գիտութեան մարդը, հոգեւորականը ու հովիւը որ սրտանց նուիրուած էր Եկեղեցւոյ ծառայութեան, բոլոր վայրերուն մէջ ուր ալ կանչուեցաւ» գրեց Սրբազան Պապը ցաւակցագիրին մէջ նշելով նաեւ թէ Կարդինալ Մոնսենկվոն միշտ ուշադիր եղաւ հաւատացեալներու կարիքներուն ու իր քահանայի եւ եպիսկոպոսի կեանքը նուիրեց հաւատքի տարածումին ու աղքատներու նախընտրութեան ի սպաս»։

«Ան եղաւ Արդարութեան, խաղաղութեան և միասնութեան սիրահարուած մարդ» որ «ուժեղ կերպով ներգրաւուած էր Քոնկոյի​​ Հանրապետութեան մէջ մարդկային համապարփակ զարգացման ուղիով» գրեց միշտ Սրբազան Պապը հեռագիրին մէջ մատնանշելով որ Կարդինալ Մոնսենկվոն ազգային, եկեղեցական, եւ ընկերային ու քաղաքական կեանքին մէջ լսուած և յարգուած մեծ գործիչ էր և միշտ հաւատարիմ եղած է ի նպաստ երկխօսութեան և ժողովուրդի հաշտեցման»:

«Նշանակալի եղած է նաեւ Անոր օժանդակութիւնը երկրին զարգացման գծով» դիտել կու տայ Ֆրանչիսկոս Պապը որ ցաւակցագիրի աւարտին կը յիշէ Կարդինալ Մոնսենկվոյի վերջին տարիներու իր հետ անկեղծ ու հաւատարիմ համագործակցութիւնը, ապա իր մխիթարանքի առաքելական օրհնութիւնը կը շնորհէ է Քոնկոյի կղերական դասի բոլոր անդամներուն, ննջեցեալ կարդինալի հարազատներուն ինչպէս նաեւ հաւատացեալներուն ու բոլոր անոնց որոնք պիտի մասնակցին յուղարկաւորութեան արարողութեան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/07/2021, 11:22