Աղօթք` տատիկներու պապիկներու համաշխարհային առաջին օրուան համար

Պապիկներու ու տատիկներու համաշխարհային առաջին օրուան առթիւ, որ կը յիշատակուի 25 Յուլիսին, Ֆրանչիսկոս Պապը տեսերիզի մը մէջ իր ձայնը կը միացնէ տարբեր ցամաքամասերու մարդոց ու կիներուն անգամ մը եւս հայցելու համար համաճարակին աւարտը ու պատերազմներու դադրեցումը ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնելու Աստուծոյ երկար կեանքի պարգեւին համար։
Ունկնդրէ լուրը

Շնորհակալ եմ քեզի Տէր,

Քու մխիթարիչ ներկայութեանդ համար, նոյնիսկ առանձնութեան մէջ,

դուն իմ յոյսս եւ իմ վստահութիւնս ես,

պատանութենէս ի վեր, դուն իմ ժայռն ու ամրոցը եղար։

Շնորհակալ եմ քեզի որ ինծի ընտանիք մը պարգեւեցիր եւ երկար կեանքի օրհնութեան համար։

Շնորհակալ եմ քեզի ուրախութեան եւ դժուարութեան պահերուն համար,

իրականացուած ու տակաւին իմ առջեւս գտնուող երազներուն համար։

Շնորհակալ եմ այս նորոգուած պտղաբերութեան ժամանակին համար` որուն դուն զիս կը կոչես։

Աճեցուր, ով Տէր, իմ հաւատքս, զիս դարձուր քու խաղաղութեանդ գործիք.

Ինծի սորվեցուր ընկալել ան որ ինձմէ աւելի կը տառապի,

սորվեցուր երբեք չի դադրիլ երազելէ եւ քու սքանչելիքներդ պատմելէ նոր սերունդներուն։

Պահպանէ եւ առաջնորդէ Ֆրանչիսկոս Պապը ու Եկեղեցին, որպէսզի Աւետարանին լոյսը հասնի աշխարհին ծայրերը։

Քու Սուրբ Հոգիդ ուղարկէ ով Տէր` նորոգելու համար աշխարհը, որպէսզի դադրի համաճարակին փոթորիկը,

աղքատները մխիթարուին ու վերջ գտնէ ամէն տեսակ պատերազմ։

Ինծի թիկունք կանգնիր տկարութեանս մէջ,

պարգեւէ շնորհքը լիութեամբ ապրելու ամէն մէկ ակնթարթ որ ինծի կը պարգեւես,

այն վստահութեամբ որ դուն իմ հետս ես ամէն օր, մինչեւ աշխարհիս կատարածը։

Ամէն:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/07/2021, 16:27