Ֆրանչիսկոս Պապը Հայիթիի նաշագահին հետ (2018) Ֆրանչիսկոս Պապը Հայիթիի նաշագահին հետ (2018) 

Կարդինալ Փարոլինի ստորագրութեամբ Քահանայապետին հեռագիրը Հայիթիի նախագահին սպանութեան առթիւ։

Աղօթելով գթութեան Հօր ննջեցեալի հոգիի հանգստեան համար, Սրբազան Պապը տխրութիւն կը յայտնէ ու կը դատապարտէ հակամարտութիւններու եւ տագնապներու որպէս լուծում օգտագործուող որեւէ տեսակ բռնութեան դրսեւորում։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Իմանալով լուրը նողկալի սպանութեան, որուն զոհը եղաւ Հայիթիի նախագահ Տիար Ժովինիլ Մոյսը, Նորին Սրբութիւն Ֆրանչիսկոս Պապը իր ցաւակցութիւնները կը յայտնէ Հայիթիի ժողովուրդին ու նախագահին կողակիցին, որ իր կարգին ծանրապէս վիրաւորուած է եւ որուն կեանքը կը յանձնէ Աստուծոյ»։ Այս բառերով է որ Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը ցաւակցական հեռագիր մը յղած է յանուն Ֆրանչիսկոս Պապին ի լուր Հայիթիի նախագահի վայրագ սպանութեան։

Հեռագիրին մէջ նշուած է նաեւ «Աղօթելով գթութեան Հօր ննջեցեալի հոգիի հանգստեան համար, Սրբազան Պապը տխրութիւն կը յայտնէ ու կը դատապարտէ հակամարտութիւններու եւ տագնապներու որպէս լուծում օգտագործուող որեւէ տեսակ բռնութեան դրսեւորում։ Ան Հայիթիի սիրելի ժողովրդին համար կը մաղթէ եղբայրական հաշտութեան, զօրակցութեան եւ բարօրութեան ապագայ մը եւ որպէս մխիթարութեան նշան Ան կը հայցէ աստուածային օրհնութիւններ` Հայիթիի ու անոր բոլոր բնակիչներուն վրայ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/07/2021, 11:59