Անօթութիւնը գայթակղութիւն է Անօթութիւնը գայթակղութիւն է 

«Հարկաւոր է արմատական փոփոխութիւն» Ֆրանչիսկոս Պապը ՄԱԿ-ի պարենային համակարգերու նախագագաթնաժողովին

«Մենք բաւարար քանակութեամբ սնունդ կ՛ արտադրենք բոլորի համար, բայց շատեր կը մնան առանց իրենց օրուայ հացին: Ասիկա «իսկական գայթակղութիւն է», յանցագործութիւն, որ կը ոտնահարէ մարդու հիմնական իրաւունքները: Ուստի իւրաքանչիւրի պարտքն է արմատախիլ ընել այս անարդարութիւնը, շօշափելի գործողութիւններու և գործնական միջոցներու, ինչպէս նաև տեղական և միջազգային համարձակ քաղաքականութեաններու միջոցով»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Եթէ մենք կ՜ուզենք համարժէք կենսամակարդակի հիմնարար իրաւունքը երաշխաւորել և կատարել մեր պարտաւորութիւնները «Զէռօ սով» նպատակին հասնելու համար, բաւարար չէ սնունդ արտադրելը: Կարիքը կայ նոր մտածողութեան և նոր ամբողջական մօտեցումի և կերակրատեսակներու համակարգերու ձևաւորումի, որոնք պաշտպանեն Երկիրը և պահպանեն մարդ անհատի արժանապատւութիւնը ու կենտրոնականութիւնը, ինչպէս նաեւ բաւարար սնունդ երաշխաւորեն ընդհանուր մակարդակի վրայ և խթանեն պատշաճ աշխատանք տեղական մակարդակի վրայ». Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Պապին ուղերձը ուղղուած ՄԱԿ-ի Գլխաւոր քարտուղար` Տիար Անթոնիօ Կութերեսին, ՄԱԿ-ի պարենային համակարգերու նախագագաթնաժողովի առթիւ, որուն ընթերցումը կատարեց Վատիկանի Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար Գերապայծառ Փոլ Կալլակէր։

Պատգամին մէջ Սրբազան Քահանայապետը գնահատանքով ողջունեց հանդիպման մասնակցողները դիտել տալով որ «ներկայիս ամենամեծ մարտահրաւէրներէն մէկը այն է յաղթահարել սովը, սնունդի անապահովութիւնը և թերասնումը COVID-19 ժահրի դարաշրջանի ընթացքին»:

համաճարակը մեզ դրաւ համակարգային անարդարութիւններու դիմաց

Նորին Սրբութիւնը հուսկ նշեց թէ «Այս համաճարակը մեզ դրաւ համակարգային անարդարութիւններու դիմաց, որոնք կը խաթարեն մեր մարդկային ընտանիքի միասնութիւնը»։ Ան ապա հաստատեց թէ «Մեր ամենաաղքատ եղբայրներն ու քոյրերը, և Երկիրը, մեր Հասարակաց Տունը, որ «կ՛աղաղակէ մեր պատճառած վնասներուն համար, Աստուծոյ կողմէն անոր մէջ դրուած բարիքներու անպատասխանատու օգտագործման և չարաշահման պատճառով», արմատական փոփոխութիւն կը պահանջէ»:

Աշխարհին մէջ տիրող սովը գայթակղութիւն ու յանցագործութիւն է

«Մենք բաւարար քանակութեամբ սնունդ կ՛ արտադրենք բոլորի համար, բայց շատեր կը մնան առանց իրենց օրուայ հացին: Ասիկա «իսկական գայթակղութիւն է», յանցագործութիւն, որ կը ոտնահարէ մարդու հիմնական իրաւունքները: Ուստի իւրաքանչիւրի պարտքն է արմատախիլ ընել այս անարդարութիւնը, շօշափելի գործողութիւններու և գործնական միջոցներու, ինչպէս նաև տեղական և միջազգային համարձակ քաղաքականութեան միջոցով» աւելցուց Սրբազան Պապը, այս ուղղութեամբ հաստատելով նաեւ որ «Այս տեսանկիւնէն կարևոր դեր կը խաղայ պարենային համակարգերու մանրակրկիտ և ճիշտ բարեփոխումը, որ պէտք է նպատակ ունենայ «ընդլայնել կայունութիւնը, ուժեղացնել տեղական տնտեսութիւնները, բարելաւել սնուցումը, նուազեցնել սնունդի թափօնները»։

Ներգրաւել գիւղատնտեսական ընտանիքները

Նորին Սրբութիւնը հուսկ կարեւորեց «գիւղական հատուածի կենտրոնականութեան վերականգումը» որմէ կախուած է մարդու բազում հիմնական կարիքներու բաւարարումը» այս ծիրէն ներս հիմնական նկատելով նաեւ «գիւղատնտեսական ընտանիքներու ներգրաւումը» որոնք «պէտք է համարուին արտօնեալ դերակատարներ»:

Ընտանիքի եւ կիներու կեդրոնականութիւնը

«Ընտանիքը սնունդի համակարգերու էական բաղադրիչն է, քանի որ ընտանիքին մէջ է որ կը սորվինք վայելել երկրի պտուղը, առանց անոր չարաշահման» նշեց հուսկ Սրբազան Պապը ուղերձին մէջ ընդգծելով որ ասոր «պէտք է ուղեկցի քաղաքականութիւն և նախաձեռնութիւններ, որոնք լիովին բաւարարեն գիւղաբնակ կանանց կարիքները, խթանեն երիտասարդներու զբաղուածութիւնը և բարելաւեն ամենաաղքատ և հեռաւոր գիւղերու երկրագործներու աշխատանքը»:

Պատասխանատուութեան վրայ հիմնուած սնունդի համակարգ

«Եթէ մենք կը ցանկանանք պահպանել բեղմնաւոր բազմակողմնութիւնն ու պատասխանատուութեան վրայ հիմնուած սնունդի համակարգ, ապա առաջնայինը արդարադատութիւնը, խաղաղութիւնն ու մարդկային ընտանիքի միասնութիւնն են» հաստատեց պատգամի աւարտին Սրբազան Պապը դիտել տալով որ այս հանդիպման ընթացքին «պատասխանատուութիւնը կը կրենք իրականացնելու երազանք մը` աշխարհի մը մասին որտեղ հացը, ջուրը, դեղամիջոցներն ու աշխատանքը, առատօրէն հոսին և առաջին հերթին հասնին կարիքաւորներուն»։ Ան ապա այս ուղղութեամբ ապահովեցուց Սուրբ Աթոռի և Կաթողիկէ եկեղեցւոյ աջակցութիւնը «ծառայելու այս վեհ նպատակին ՝ առաջարկելով իրենց ներդրումը, ուժերու և կամքի միաւորումը, գործողութիւններն ու իմաստուն որոշումները»:

Բաւարարել բոլորի հիմնական կարիքները

Սրբազան Պապը պատգամի աւարտին նշեց թէ ինք կ՛աղօթէ որպէսզի ոչ ոք ետ մնայ ու բոլորը կարողանան բաւարարել իրենց հիմնական կարիքները:

«Թող պարենային համակարգերու վերականգնման այս հանդիպումը մեզ դնէ խաղաղ և բարեկեցիկ հասարակութիւն կերտելու ճանապարհին վրայ և սերմանէ խաղաղութեան սերմեր, որոնք մեզ թոյլ կու տան քալել իսկական եղբայրութեան ուղիով» մաղթեց Նորին Սրբութիւնը եզրափակելով պատգամը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/07/2021, 15:55