Ճեմելլի հիւանդանոցը Ճեմելլի հիւանդանոցը 

Համայն աշխարհէն շուտափոյթ ապաքինումի բարեմաղթութիւններ Ֆրանչիսկոս Պապին։

Կիրակի օր Քահանայապետը Հռոմի Ճեմելլի հիւանդանոցին մէջ ենթարկուեցաւ վիրաբուժութեան որ տեւեց երեք ժամ։ Ան հիւանդանոցին մէջ պիտի մնայ եօթը օր։ Բժիշկները միջամտած են աղիքի ձախ կողմին վրայ արմատախիլ ընելով մաս մը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան 

Կիրակի 4 Յուլիս 2021ի յետմիջօրէին Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակի հրապարակած մէկ հաղորդագրութեամբ կը տեղեկացուէր` թէ Ֆրանչիսկոս Պապը Հռոմի Ճեմելլի հիւանդանոցին մէջ կ՛ ենթարկուի ժամանակէ ի վեր օրակարգի վրայ գտնուող «diverticular stenosis of the colon»ին հայող վիրաբուժութեան մը։

Աւելի ուշ Մամլոյ գրասենեակի տնօրէնը Մաթթէօ Պրունի,  տեղեկացուց` որ «գործողութիւնը աւարտած է յաջողութեամբ» , ու թէ բժիշկները միջամտած են աղիքի ձախ կողմին վրայ արմատախիլ ընելով մաս մը,  ու  թէ «Սրբազան Քահանայապետը դրական կերպով արձագանքեց ընդհանուր անզգայացման ներքոյ տեղի ունեցած վիրաբուժական միջամտութեան»։

Գործողութենէն մի քանի ժամեր անց կը շարունակուին համայն աշխարհէն Քահանայապետին հասցէին ուղղուած շուտափոյթ ապաքինումի բարեմաղթական պատգամներ հասնիլ Վատիկան։ Առաջիններէն եղաւ Իտալիոյ Հանրապետութեան նախագահ Սերճօ Մաթթարելլան որ Ֆրանսա չի մեկնած Նորին Սրբութեան յղեց «սիրալիր մտածում», ու բարեմաղթութիւն «բարի խնամքի» ու «շուտափոյթ ապաքինումի»։

Հռոմի թեմին հրապարակուած մէկ հաղորդագրութեան մէջ կը կարդանք թէ «Համայն Աստուծոյ Ժողովուրդը որ է ի Հռոմ, բարի կամք ունեցող բոլոր մարդոց ու քաղաքացիներուն հետ միասին աղերսանքի աղօթքներ կը բարձրացնեն Տիրոջ, որպէսզի իր շնորհքի օգնութեամբ թիկունք կանգնի ու մխիթարէ մեր շատ սիրելի Եպիսկոպոսը իր յետ-գործողութեան ապաքինումի ընթացքին»։

Բազմաթիւ եղան ապա կրօնական եւ քաղաքական ղեկավարներէն հասնող պատգամները, որոնց շարքին Ալ Ազհար Համասպրանի Աւագ Իմամ Ահմատ Ալ Թայըպին պատգամը ուղղուած «սիրելի եղբօր», որպէսզի Ամենակալը զայն «արագօրէն վերադարձնէ մարդկութեան ի սպաս իր առաքելութեան»։ Ահամատ Այ Թայըպին միացան ապա Հռոմի Անկլիքան Եկեղեցւոյ կեդրոնը ու Հռոմի Հրեայ համայնքը ինչպէս նաեւ բազմաթիւ երկիրներու նախագահներն ու քաղաքական ու կրօնական անձնաւորութիւններ։

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին կողմէ 5 Յուլիսին հրապարակուած նոր հաղորդագրութիւն մը աւելի մանրամասներ ընծայուեցան վիրաբուժութեան մասին, «որ տեւեց գրեթէ երեք ժամ», նշելով նաեւ որ Քահանայապետը հիւանդանոցին մէջ պիտի մնայ գրեթէ եօթը օր։

Մաթթէօ Պրունին հաստատեց թէ Ֆրանչիսկոս Պապին առողջապահական ընդհանուր պայմանները լաւ են ու թէ Ան կը գտնուի արթուն վիճակի մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/07/2021, 12:30