Սլովաքիոյ առաքելական ճամբորդութեան զինանշանը Սլովաքիոյ առաքելական ճամբորդութեան զինանշանը 

Ֆրանչիսկոս Պապին դէպի Պուտափեշտ եւ Սլովաքիա կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան յայտագիրը

Յառաջիկայ 12-էն 15 սեպտեմբերին, ֆրանչիսկոս Պապ հովուական այցելութիւն պիտի կատարէ Պուտափեշտ եւ ապա Սլովաքիոյ Պրաթիսլավիա մայրաքաղաք,

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Յառաջիկայ 12-էն 15 սեպտեմբերին, ֆրանչիսկոս Պապ հովուական այցելութիւն պիտի կատարէ Պուտափեշտ եւ ապա Սլովաքիոյ Պրաթիսլավիա մայրաքաղաք, սուրբ հաղորդութեան միջազգային 52-րդ համագումարի առիթով։

Ունկնդրէ լուրը

Չորեքշաբթի, 21 յուլիսին, հրապարակուեցաւ Նորին Սրբութեան վերոնշեալ երկիրները կատարելիք հովուական այցելութեան յայտագիրը։

12 սեպտեմբերին,Ֆրանիսկոս Պապ Հռոմի միջազգային օդակայանէ թռիչքով կը փոխադրուի Պուտափեշտ որուն միջազգային օդակայանէն ներս նախատեսուած է պաշտօնական ընդունելութիւն ապա հանդիպում Հունգարիոյ հանրապետութեան նախագահին եւ վարչապետի հետ, որմէս Սրբազան Հայրը ապա Պուտափեշտի թանգարանէն ներս կը տեսնուի երկրի եպիսկոպոսներու ապա հանդիպի եկեղեցիներուն համամիութենական խորհուրդի ներկայացուցիչներու եւ Հունգարիոյ հրեայ հասարակութեան հետ։
Պուտափեշտի նահատակներու հրապարակին վրայ մատուցուելիք պատարագի աւարտին ֆրանչիսկոս ապապ Պուտափեշտի օդակայանէն կը փոխադրուի Պրաթիսլավիոյ օդակայան ուր նախատեսուած է պաշտօնական ընդունելութիւն ապա պապական նուիրակաի պալատէն ներս համամիութենական հանդիպում հուսկ առանձնական հանդիպում Յիսուսեան միաբանութեան անդամներու հետ։

Երկուշաբթի, 13 սեպտեմբերին, առաւօտեան, Պրաթիսլավիոյ մէջ նախագահան պալատէն ներս նախատեսուած է պաշտօնական ընդունելութիւն ապա հանրապետութեան նախագահին հետ հանդիպում որմէ ետք քաղաքացիական իշխանութիւններու եւ քաղաքացիական հասարակութեան դիւանագիտական. մարմնի անդամներու հետ։ Ժամը 10,45ին, Պրաթիսլավիոյ Սան Մարթինօ տաճարէն ներս ֆրանչիսկոս Պապ կը հանդիպի եպիսկոպոսներուն,քահանաներու եւ նորընծաներուն. Հետ, որմէ ետք առանձնական այցելութիւն կը կատարէ Պրաթիսլավիոյ Բեթղեհեմ կեդրոնին։

Երեկոյեան ժամը 6ին, Պրաթիսլավիոյ առաքելական պալատէն ներս կը հանդոպի խորհրդարանի նախագահին հետ։

Երեքշաբթի, 14 սեպտեմբերին, Ֆրանչիսկոս Պապ կ՝այցելէ Քոսիչէ, փրէսով քաղաքները։
Քոզիչէի մէջ Նորին Սրբութեան նախագահութեամբ բիւզանդական ծէսով կը մատուցուի սուրբ պատարագ, ապա նորին Սրբութիւնը հանդիպում կ՝ունենայ Ռոմ հասարակութեան հետ, որմէ ետք Քոզիչէ մարզադաշտի մէջ կը հանդիպի երիտասարդներու, որուն աւարտին թռիչքով կը փոադարուի Պրաթիսլավա։

Չորեքշաբթի, 15 սեպտեմբերին, ֆրանչիսկոս Պապ կ՝այցելէ Սասթին քաղաքը, որուն սրբավայրէն ներս ֆրանչիսկոս Պապ կը մատուցանէ սուրբ Պատարագ եւ որուն աւարտին կը փոխադրուի միջազգային օդակայան Հռոմ փոխադրուելու համար

 

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/07/2021, 12:08