Քահանայապետկան Հրապարակային անունկնդրութիւն Քահանայապետկան Հրապարակային անունկնդրութիւն 

Յուլիս ամսուայ ընթացքին կը դադրին Քահանայապետկան Հրապարակային ունկնդրութիւնները

Ունկնդրութիւնները կը վերսկսին 4 օգոստոսին։ Մինչ Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքները կը շարունակուին
Ունկնդրէ լուրը

Վատկան Նիուզ

«Անցեալ տարիներու նման, ի տես ամարային շրջանին, չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնները դադրած կը նկատուին Յուլիս ամսուայ ընթացքին»։ Լուրը կը հաղորդէ Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակը յղում կատարելով Քահանայապետական Տան հոգաբարձութեան։

Քահանայապետին հետ չորեքշաբթի օրուայ հանրային հանդիպումները կը վերսկսին յառաջիկայ 4 օգոստոսին։ Ուժի մէջ կը մնայ կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքը զոր Սրբազան Պապը ամէն կիրակի կէսօրուայ ժամը 12ին կը գլխաւորէ իր գրասենեակի պատուհանէն։

Նշենք թէ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնները, անցեալ 12 մայիսէն սկսեալ հակա-քովիտեան դրութիւնները յարգելով տեղի կ՛ունենային Վատիկանի Սան Տամազօ հրապարակին վրայ։ Իսկ համաճարակի օրերուն անոնք տեղի ունեցած էին առցանց Առաքելական պալատի Մատենադարանէն։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/07/2021, 20:50