Ճեմելլի հիւանդանոցը, Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապին արձանը։ Ճեմելլի հիւանդանոցը, Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապին արձանը։ 

Հանգիստ օր Ֆրանչիսկոս Պապին համար, աստիճանաբար կը վերսկսի իր աշխատանքներուն։

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէնին տեղեկագիրը ֆրանչիսկոս Պապին առողջապահական կացութեան վերաբերեալ

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Հռոմի Ճեմելլի հիւանդանոցին մէջ կը շարունակուի Քահանայապետի յետվիրաբուժական խնամքի ընթացքը։ Ան երեկ, ամբողջ օրը անցուցած է հանդարտ կացութեան մէջ։ Արեան քննութիւններուն արդիւնքը գոհացուցիչ է եւ կը շարունակուի յետվիրաբուժական խնամքի ընթացքը։ Այս մասին հաղորդեց սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն տիար Մաթէօ Պրունին հրապարակելով նոր հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կը նշուի նեաւ որ Ֆրանչիսկոս Պապ աստիճանաբար կը վերսկսի իր աշխատանքներուն, եւ կը շարունակէ քալել իր բնակարանին մէջ։

Տիար Մաթէօ Պրունի նշեց նաեւ որ երեկ յետմիջօրէին, ֆրանչիսկոս Պապ սուրբ Պատարագ մատուցեց հիւանդանոցին մատրան մէջ ապա երեկոյեան ընթրեց զինք հոգացող անձերուն հետ։

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հաղորդագրութեան աւարտին կը նշուի որ Ֆրանչիսկոս պապ ձեռքով դպչելով առողջապահական անձնակազմի մարդկային նուիրուածութեան, իր միտքը յատուկէն կ՝երթայ բոլոր անոնց որոնք սիրով ու կարեկցութեամբ կ՝ընտրեն տառապանքի դէմքը, ներգրաւուելով հիւանդներուն, յատուկէն տկարներու եւ խոցելիներու հետ անձնական յարաբերութեան մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/07/2021, 12:41