1625739986434.jpg

Կը շարունակուի Քահանայապետին յետվիրաբուժական խնամքի ընթացքը Ճեմելիի մէջ

Երեկոյեան Քահանայապետին ջերմութիւնը բարձրացած է փոքր աստիճանով, իսկ այսօր առաւօտեան Ան ենթարկուեցաւ սովորական քննութիւններուն։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հռոմի Ճեմելլի հիւանդանոցին մէջ կը շարունակուի Քահանայապետի յետվիրաբուժական խնամքի ընթացքը։ Ան երէկ կէսօրէն ետք ուզեց իր հայրական մօտիկուիւնը արտյայտել Մանկական ուռուցքաբանութեան և մանկական նեարդավիրաբուժութեան բաժանմունքներուն մէջ խնամուած պատանիներուն անոնց փոխանցելով իր սիրալիր ողջոյնները։

Երեկոյեան Քահանայապետին ջերմութիւնը բարձրացած է փոքր աստիճանով, իսկ այսօր առաւօտեան Ան ենթարկուեցաւ սովորական քննութիւններուն։

Այս լուրերը հաղորդեց Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակի տնօրէն Տիար Մաթթէօ Պրունին որ ապա հաստատեց թէ «Սրբազան Պապը կը շարունակէ ծրագրուած խնամքը» ու թէ «այս պահուն ան ի հայեացքը կ՛ուղղէ բոլոր անոնց որոնք կը տառապին, իր մօտիկութիւնը արտայայտելով հիւանդներուն ու մասնաւորապէս աւելիով խնամքի կարօտ անձերուն»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/07/2021, 12:00