2019.10.10 Frati Minori Marche 2019.10.10 Frati Minori Marche 

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը Փոքրիկ եղբայրներու միաբանութեան ընդհանուր ժողովին մասնակիցներուն։

Պատգամին սկիզբը Նորին Սրբութիւնը շնորհաւորեց յիշեալ միաբանութեան նորընտիր ընդհանուր մեծաւոր, Հայր Մասիմօ Ճովանի Ֆուսարելիին։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հինգշաբթի, 15 յուլիսին, Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը մը յղեց Փոքրիկ եղբայրներու միաբանութեան տարեկան ընդհանուր նիստին մասնակիցներուն։

Ունկնդրէ լուրը

Պատգամին սկիզբը Նորին Սրբութիւնը շնորհաւորեց յիշեալ միաբանութեան նորընտիր ընդհանուր մեծաւոր, Հայր Մասիմօ Ճովանի Ֆուսարելիին։ Ապա անդրադարձաւ համաճարակի ընդհանուր իրավիճակին նշելով որ երկար ամիսներէ ի վեր կը շարունակենք ապրիլ տառապանքի եւ մեկուսացումի մէջ, կացութիւն մը որ մեզ կը մղէ ճանչնալու թէ որքան երկրային կեանքը ընթանալիք ուղեւորութիւն մըն է՝ իբրեւ օտարականներ ու ուխտաւորներ։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա անդրադարձաւ միաբանութեան ընդհանուր ժողովին նիւթերուն նշելով որ ժողովը առիթ է վերանորոգելու միաբանութեան տեսլականմ ու ողջագուրելու ապագան։
«
Չկայ վերանորոգում ոչ ալ ապագայ մը եթէ ոչ Յիսուս Քրիստոսի մէջ » նշեց Սրբազան Հայրը, իշելով Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասիզացիին աղքատներու եւ հիւանդներու հետ ունեցած հանդիպումները, նկատել տալով որ միաբանութեան հոգեւորականութեան ներքեւ միշտ պէտք է գոյութիւն ունենայ վերջիններու եւ տառապողներու հետ հանդիպումն, ի նշան ողորմածութեան։

«Վերանորոգումի ուժը հասանելի է Սուրբ Հոգիէն, Անոր ներգործութենէն» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ապա քաջալերեց դէմ յանդիման գալ մարմնի եւ հոգիին մէջ տառապող այր մարդոց ու կիներուն, նուիրելով անոնց հեզ ներկայութիւնը առանց երկար ճառերու, այլ զգացնելով փոքրիկ եղբայրներուն մօտիկութիւնը։

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդհանուր անդրադարձ կատարեց միաբանութեան դժուարութիւններուն, որոնց շարքին նշեց, կոչումներու թիւի նուազումը ու ծեր կրօնաւորներուն թիւի աճը, քաջալերելով միաբանութեան անդամներ որ միշտ իրենց սիրտերը բաց պահեն Սուրբ Հոգիին ,որ ուժ եւ քաջութիւն կը ներշնչէ։

Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակեց պատգամը հայցելով Ամենակալէն, Փոքրիկ եղբայրներու միաբանութեան անդամները դարձնէ հաւատալի վկաներ,Աւետարանի պատգամաւորներ, պարգեւէ համեստ ու եղբայրական կեանք ինչպէս նաեւ առաջնորդէ զանոնք ընթանալու աշխարհի ուղիներու վրայ որպէսզի հաւատքով ու յոյսով տարածեն Բարի աւետիսին սերմը։

Շնորհելով բոլորին իր առաքելական օրհնութիւնը ֆրանչիսկոս Պապ խնդրեց որ չմոռնան աղօթել իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/07/2021, 11:27