Քահանայապետին մօտիկութիւնը Մարքօ Իմփալիացցոյին` անոր հօր մահուան առթիւ։

Նամակին մէջ Սրբազան Պապը գնահատանքով յիշեց Տինոյին գործունէութիւնն ու վեհանձնութիւնը ի նպաստ կարիքաւորներուն եւ աղքատներուն այդ մէկը նկարագրելով որպէս «կեանքի իսկական ուսուցում» որուն միջոցաւ «ան սորվեցուց քալել Աւետարանի ճանապարհին վրայ»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Անձնական ստորագրութեամբ նամակով մը Սրբազան Պապը ուզեց իր ցաւակցութիւնները արտայայտել Տիար Մարքօ Իմփալիացցոյին, Սանդ Էճիտիօ հասարակութեան նախագահին, անոր հօր Տինօ Իմփալիացցոյի մահուան առիթով։ 

Նամակին մէջ Սրբազան Պապը գնահատանքով յիշեց Տինոյին գործունէութիւնն ու վեհանձնութիւնը ի նպաստ կարիքաւորներուն եւ աղքատներուն այդ մէկը նկարագրելով որպէս «կեանքի իսկական ուսուցում» որուն միջոցաւ «ան սորվեցուց քալել Աւետարանի ճանապարհին վրայ»։ 

Սրբազան Պապը առիթը ունեցած էր հինգ տարիներ առաջ հանդիպելու Տինօ Իմփալիացցոյին ու անոր հետ միասին զրուցելու անոր գործունէութեան ու աղքատներու մասին։

 Մահկանացուն կնքած 91 ամեայ Տինօն հիմնադիրը եղած է «RomAmor» ընկերակցութեան, որուն նպատակը եղած է խնամք տանիլ չքաւորներուն ու աղքատներուն եւ որուն հետքերուն հետեւած են նաեւ անոր զաւակները ու մասնաւորապէս Մարքոն` որ այսօր Սանդ Էճիտիօ հասարակութեան նախագահն է եւ որուն յղած նամակին մէջ Քահանայապետը իր մօտիկութիւնը արտայայտելով կը նշէ թէ «ծնողքի մը մահը, թէեւ մաս կը կազմէ Աստուծոյ Խորհուրդին, կը մնայ միշտ ցաւի պատճառ։ Փառք տանք Տիրոջ այն բոլոր բարիքներուն համար զոր ան պարգեւեց քու հօրդ իր երկրաւոր կեանքի ընթացքին։ Ան քեզի սորվեցուց քալել Աւետարանի ճանապարհին վրայ, անոր աղքատներուն նկատմամբ սէրը, անոր առօրեայ գործունէութիւնը ու անոր վեհանձնութիւնը կը կազմեն քաջալերող վկայութիւն ու վստահելի կեանքի ուսուցում» կը գրէ Սրբազան Պապը նամակին մէջ ու Տինոյի հոգին յանձնելով Աստուածային ողորմութեան իր մօտիկութիւնն ու աղօթքները կը վստահեցնէ Մարքոյին ու անոր ընտանիքին բոլորին վրայ հայցելով Աստուածային օրհնութիւնները։

Նշենք թէ Տինօ Իմփալիացցոյի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի ունեցաւ անցեալ երեքշաբթի 27 յուլիսին Սանթա Մարիա Ին Թրասթեվերէ եկեղեցւոյ մէջ նախագահութեամբ Քահանայապետի ողորմաբաշխ Կարդինալ Քոնրատ Քրայեւսքիին։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/07/2021, 10:12