Ճեմելլի հիւանդանոցը Ճեմելլի հիւանդանոցը 

Ֆրանչիսկիս Պապ իր բարձր երախտագիտութիւնը յայտնեց Ճեմելի ընտանիքին։

Ֆրանչիսկոս Պապ բարձր գնահատելով հիւանդանոցի անձնակազմի աշխատանքը նշեց թէ անոնց գործունէութիւնը ողորմածութիւն է, որ հիւանդներու միջոցաւ մուտք կը գործէ Յիսուսի վիրաւորուած մարմնին մէջ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երկուշաբթի, 19 յուլիսին, Ֆրանչիսկոս Պապ նամակ մը յղեց Ակոսթինօ Ճեմելի համալսարանական հիմնարկի մատակարարութեան խորհուրդի նախագահ Փրոֆ Քարլօ Ֆրաթա Փասինին։

Ունկնդրէ լուրը

Նամակին մէջ Սրբազան Հայրը ողջունեց ու իր բարձր գնահատանքը յայտնեց Ճեմելի ընտանիքին, .ուր եղբայրական եւ սիրալիր հոգիով հիւրասիրուեցաւ եւ իմ տանս մէջ զգացի» գրեց սրբազան Հայրը աւելցնելով որ հիւանդանոցէն ներս անձամբ անդրադարձաւ առողջապահական խնամքի ծիրէն ներս մարդկային զգացումին եւ գիտական արհեստավարժութեան կարեւորութեան։

Ճեմելի իսկապէս փոքրիկ քաղաք մըն է ուr ամէն օր կը հասնին հազարաւոր անձեր սպասումներով եւ մտահոգութիւններով։

Հիւանդանոցէն ներսս մարմնական խնամքէն անդէն կը կատարուի սիրտի հոգածութիւն որ մխիթարութիւն եւ յոյս կը սփռէ ցաւի պահերուն։

Ֆրանչիսկոս Պապ բարձր գնահատելով հիւանդանոցի անձնակազմի աշխատանքը նշեց թէ անոնց գործունէութիւնը ողորմածութիւն է, որ հիւանդներու միջոցաւ մուտք կը գործէ Յիսուսի վիրաւորուած մարմնին մէջ

Ան նամակը աւարտեց դարձեալ իր երախտագիտութիւնը յայտնելով ու առաքելական օրհնութիւնը շնորհելով Ճեմելի ընտանիքին խնդրելով նաեւ որ չմոռնան աղօթել իրեն համար ։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/07/2021, 12:03