ֆրանչիսկոս Պապ եւ Ասորի Մալապար եկղեցւոյ եպիսկոպոսները։ ֆրանչիսկոս Պապ եւ Ասորի Մալապար եկղեցւոյ եպիսկոպոսները։ 

Ֆրանչիսկոս Պապին նամակը Ասորի Մալապար եկեղեցւոյ եպիսկոպոսներուն, կրօնաւորներուն ու աշխարականներուն։

Ֆրանչիսկոս Պապ մաղթեց որ Սուրբ Հոգին նպաստէ համերաշխութեան, եղբայրութեան եւ միութեան եկեղեցւոյ բոլոր անդամներու միջեւ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երեքշաբթի, 6 յուլիսին, Ֆրանչիսկոս Պապ նամակ մը յղեց Ասորի Մալապար եկեղեցւոյ աւագ արքեպիսկոպոսին եւ Սինդոական եպիսկոպոսներուն։

Ունկնդրէ լուրը

Նամակի մէջ Նորին Սրբութիւն նշեց որ Սուրբ Աթոռը մեծ խանդավառութեամբ կը նայի 1999ին,Ասորի Մալապար եկեղեցւոյ սինոդական եպիսկոպոսներուն միասնական համաձայնութեան՝ միակերպ ձեւով մատակարարելու Սուրբ Քուրաապանի արարողութիւնը նկատելով զայն կարեւոր քայլ դէպի եկեղեցական հաղորդութեան եւ կայունութեան՝ եկեղեցւոյ ծիրէն ներս։

Նամակին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ նկատել տուաւ որ Սուրբ Պատարագի հայող որդեգրուած օրէնքները արատ պտուղ տուին ի շարս աւետարանում միսիոնարական թեմերէն, ուր համայն հասարակութիւնները խաղաղ կերպով միացան մեկնաբանելու համար եկեղեցական նուրիապետութեան համաձայնութիւնը իբրեւ Սուրբ Հոգիին պտուղը։

Ֆրանչիսկոս Պապ մեծ ուրախութեամբ ընդունելով Սուրբ Պատարագի համաձայնութիւնը յորդորեց համայն Ասորի Մալապար եկեղեցւոյ կրօնաւորները, աշխարականները յառաջ ընթանալու միակերպ ձեւով գործադրելու Սուրբ Պատարագի օրէնքները եկեղեցւոյ միութեան եւ բարիքին համար։

Ան ապա մաղթեց որ Սուրբ Հոգին նպաստէ համերաշխութեան, եղբայրութեան եւ միութեան եկեղեցւոյ բոլոր անդամներու միջեւ, ապա հայցելով Սուրբ Կոյս Մարիամի, Սուրբ Յովսէփ Պատրիարքի եւ Սուրբ Թովմաս առաքեալին բարեխօսութիւնը, առաքելական օրհնութիւնը շնորհեց, խնդրելով որ աղօթեն իրեն համար։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/07/2021, 13:07