Հռոմի աղքատներուն, անօճախներուն աղօթքն ու ձայնը. «եկած ենք շնորհակալութիւն յայտնելու մեր սիրելի Պապին»։

«Հոս կը գտնուինք որովհետեւ աղքատները մեզմէ խնդրեցին որ մօտիկ գտնուինք ֆրանչիսկոս Պապին։»

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ուրբաթ, 9 յուլիսին, Հռոմի Փալացօ Միլիորի տան հիւրերը անակնկալ այցելութիւն տուին Ճեմելլի հիւանդանոցին, ուր Ֆրանչիսկոս Պապին թիկնապահներուն փունջ մը ծաղիկ փոխանցեցին ֆրանչիսկոս Պապին նուիրելու համար։

Ունկնդրէ լուրը

Փալացօ ՄԻլիոնի տունը ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ նուիրուած տուն մըն է ուր՝ կը հիրընկալուին անօճախները, թափառակներն ու գաղթականները։

Նորին Սրբութեան հիւանդանոցը այցելուներու շարքին էր նաեւ Փերուացի 60 տարեկան աղքատ մարդ մը, որուն ընկերացած էին բնակարանէ զուրկ 20 անձեր, իրենց ձեռքերուն մէջ կրելով «Ֆրանչիսկոս Պապ քեզի մօտիկն ենք» պաստառի վրայ գրուած գրութիւնը ։

«Հոս կը գտնուինք որովհետեւ աղքատները մեզմէ խնդրեցին, որ մօտիկ գտնուինք ֆրանչիսկոս Պապին։ Այս մասին յայտնեց Փալացօ Միլիորիի տան տնօրէն, տիար քարլօ Սանթորօն աւելցնելով որ աղքատները շատ երախտապարտ են ֆրանչիսկոս Պապին, Վատիկանի բազմաթիւ տուներուն դռները բանալուն համար, ընդունելու եւ հիւրընկալելու համար անօճախները, աղքատները։ Ֆրանչիսկոս Պապ միշտ մօտիկ կանգնած է աղքատներու նեւ մեզմէ միշտ կը խնդրէ որպէսզի աղքատներուն բարեկամները դառնանք։ ըսաւ Փալացօ Միլորի տնօրէնը։

Ֆրանչսկիսոս Պապին հիւանդանոցը այցելեցին նաեւ Սան Էճիտիօ անուան բարեսիրական հաստատութեան անդամները , որոնք հիւանդանոց ժամանումին Տէրունական հայր մեր աղօթքը արտասանեցին, Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ արձանին դիմաց։

Փունջ մը ծաղիկներ Ֆրանչիսկոս Պապին
Փունջ մը ծաղիկներ Ֆրանչիսկոս Պապին

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/07/2021, 10:47