Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Աւարտեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին ճեմելլի հիւանդանոցէն ներս առողջապահական խնամքի ընթացքը. Ան վերադրաձաւ Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Պապ Հիւանդանոցէն դուրս գալէն ետք անմիջապէս այցելեց Տիրամօր նուիրուած տաճարը։

Վատիկան Նիւզ

Չորեքշաբթի, 14 յուլիսին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին տնօրէն, տիար Մաթէօ Պրունի տեղեկագիրով մը հաղորդեց, որ այսօր առաւօտեան, Հռոմի Ճեմելի հիւանդանոցէն ներս վերջ գտաւ Ֆրանչիսկոս Պապին առողջապահական խնամքի ընաթացքը։

Ունկնդրէ լուրը

Նորին Սրբութիւնը դուրս գալով հիւանդանոցէն նախ քան Վատիկան ժամանումը այցելեց Հռոմի Տիրամօր Նուրիրուած Մարիա Մաճոր տաճար, ուր Սալուս Փոփուլի Ռոմանօ Տիրամօր արձանին առջեւ աղօթեց ու գոհութիւն յայտնեց Աստուածամօր առողջապահական ուրախ արդիւնքին համար, ինչպէս նաեւ յիշեց հիւանդանոցին մէջ հանդիպած հիւանդները։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/07/2021, 12:55