Թոհիօ 2020 Թոհիօ 2020 

Բոլորս միասին նուաճենք նաեւ մարդկային եղբայրութեան մետալը։

Ֆրանչիսկոս Պապի մարզանքի վերաբերեալ ուսուցումը ուղին է ամրապնդելու ժողովուրդներու միջեւ համերաշխութիւնը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Թոքիոյի մէջ ողիմպիական խաղերու լոյսին ներքով, Վատիկան Նիւզի լրագրող տիար Ալեստանրօ Ճիզոթի յօդուածով մը անդրադարձաւ ֆրանչիսկոս Պապին մարզանքի վերաբերեալ ուսցումին նկատել զայն ուղի մը ամրապնդելու համար ժողովուրդներու միջեւ համերաշխութիւնը։

Ունկնդրէ լուրը

Յօդուածին մէջ լրագրողը նշեց թէ շատերու գնահատումով Թոքիոյի ողիմպիական խաղերը նկատուած են տխուր իրավիճակ մը, քովիտ 19ի տարածման վախի հետեւանքով։ Ճափոնը կը պատրաստուի ապրիլ այդ մարզական եղելութիւնը տխրութեամբ, ուրախութեամբ հպարտութեամբ ինչպէս նաեւ մտահոգութեամբ։

Ողիմպիական խաղերու իրենց մասնակցութիւն բերող աշխարհի հինգ ցամաքամասերէն ժողովուրդներուն ընդմէջէն ի յայտ կու գայ եղբայրութեան հոգին եւ ժողովուրդներու միջեւ համերաշխութիւնը ։Պատգամ մը որուն շատ կարեւորութիւնը կը զգացուի մինչ «կը գտնուինք միեւնոյն նաւակին մէջ եւ կը դիմագրաւենք, դարաշրջանային անսպասելի հետեւանքներ։»

Ֆրանչիսկոս Պապ շատ անգամ ընդգծեց մարզանքի կրթական կարեւորութիւնը երիտասարդներու համար, խաղաղի մէջ մտնելու կարեւորութիւնը, պարտութեան արժէքը, որովհետեւ անձի մը մեծութիւնը կը տեսնուի աւելի շատ երբ կ՝ինայ եւ ոչ թէ երբ կը յաղթէ, մարզանքի եւ կեանքին մէջ։

Ալեսատնրօ Ճիզոթի մաղթեց, որ Թոքիոյի ողիմպիական խաղերը կարողանան համատեղել մրցակցային լարուածութիւնը եւ միասնութեան ոգին։ Սահմանի յաղթահարումը եւ տկարութեան բաժնեկցութիւնը։

Այսօր, առաւել քան երբեւէ ,մարտահրաւէրը ոչ միայն ոսկէ մետալ նուաճելն է, -իւրաքանչիւր ողիմպիական մարզիկի երազանքն ու նպատակ-, այլ նուաճել բոլորս միասին նաեւ մարդկային եղբայրութեան մետալը։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/07/2021, 13:30