Պատարագամատոյց Պատարագամատոյց 

Ֆրանչիսկոս Պապին ինքնագիր նամակը Լատինական ծէսով հին պատարագամատոյցի օգտագործման կանոններու վերաբերեալ։

Նորին Սրբութեան ինքանգիր նամակը կը կրէ «Traditionis custodes» վերնագիրը որուն ընկերացած է նամակ մը, ուր բացատրուած են իր կատարած փոփոխութիւններու պատճառները։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը ինքնագիր նամակով մը կանոններու փոփոխութիւններ կատարեց, Հռոմէական ծէսով, 1962 թուականին պատարագամատոյցի օգտագործման շուրջ, հիմնուած եպիսկոպոսներու հետ ունեցած երկար խորհրդածութիւններու վրայ։

Ունկնդրէ լուրը

Նորին Սրբութեան ինքանգիր նամակը կը կրէ «Traditionis custodes» վերնագիրը, որուն ընկերացած է նամակ մը, ուր բացատրուած են կատարած փոփոխութիւններու պատճառները։

Ինքնագիր նամակին մէջ Նորին Սրբութիւն կը նշէ, թէ Նախատիեզերական ժողովին ծէսին համաձայն, սուրբ Պատարագի մատուցման պատասխանատուութիւնը կը կրէ եպիսկոպոսը, որ է պատասխանատուն թեմական ծիսական կեանքին ,եւ որուն բացառիկ իրաւասութեան տակ կը գտնուի 1962 թուականի պատարագամատոյցի օգտագործումը՝ թեմէն ներս։ Եպիսկոպոսը պէտք է ստուգէ, որ այն խումբերը որոնք կ՝օգտագործեն հին պատարագամատոյցը, պէտք չեն բացառեր Պատարագի բարեփոխումներուն վաւերականութիւնն ու օրինականութիւնը ինչպէս նաեւ Վատիկանեան տիեզերական Բ ժողովի եւ Քահանայապետերուն ուսուցումները։

Այս ինքանգիր նամակին հրապարակումէն ետք, ձեռնադրուած քահանաները որոնք կը փափաքին օգտագործել նախատիեզերական պատարագամատոյցը,  պէտք են խնդրանք ներկայացնել իրենց թեմի եպիսկոպոսին ու այս վերջինը իր կարգին նախ քան արտօնութիւն շնորհելը պիտի խորհրդակցի առաքելական աթոռին հետ։ նշուած է Ֆրանչիսկոս Պապին«Traditionis custodes» ինքնագիր նամակին մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/07/2021, 11:09