հարաւային Սուտանի ի սպաս հանդիպում հարաւային Սուտանի ի սպաս հանդիպում 

Հարաւային Սուտանի անկախութեան 10-րդ տարեդարձին առթիւ ֆրանչիսկոս Պապին, Քանթերպուրի արքեպիսկոպոսին եւ Սքովտիոյ եկեղեցւոյ ներկայացուցիչին միասնական պատգամը։

Պատգամին մէջ յիշուած է 2019ին, Վատիկանի մէջ կայացած հարաւային Սուտանի քաղաքական իշխանութիւններու եւ հոգեւոր պետերուն միջեւ պատմական հանդիպումն ու այդ առթիւ կատարուած խոստումներ

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ուրբաթ, 09 յուլիսին, լոյս տեսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապին, Քանթերպուրին արքեպիսկոպոսն ու Սքովտիոյ եկեղեցւոյ ներկայացուցիչին ստորագրութիւնները կրող պատգամը Հարաւային Սուտանի անկախութեան 10 տարեդարձին առիթով։

Ունկնդրէ լուրը

Պատգամին մէջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը, Քանթերպուրին արքեպիսկոպոսն ու Սքովտիոյ եկեղեցւոյ ներկայացուցիչը իրենց բարի մաղթանքները յայտնեցին Հարաւային Սուտանի անկախութեան 10 տարեդարձի առիթով, նկատել տալով որ սոյն տարեդարձը յիշեցում է անցեալի պայքարները ու յոյսն ու քաջալերանք դէպի ապագայ, քաջալերելով քաղաքական իշխանութիւնները ամէն ջանք թափել ժողովուրդին թոյլ տալու համար համտեսել անկախութեան պտուղները։

Եկեղեցապետերը ապա յիշած են Յիսուսի սուրբ ծննդեան տօնին առիթով իրենց յղած նամակը, որուն մէջ խրախուսած են քաղաքական պատասխանատուները աւելի վեհանձն ծառայութիւն փոխանցելու ժողովուրդին, նկատել տալով որ Հարաւային Սուտանի ժողովուրդը կը շարունակէ տառապիլ եւ կ՝ապրի անկայուն վիճակի մէջ ։

Եկեղեցապետերը ապա իրենց զօրակցութիւնը յայտնած են Հարաւային Սուտանի քաղաքական իշխանութիւններուն նշելով որ տակաւին շատ բաներ կան կատարելիք կերտելու համար հայրենիք մը, ուր կը ճառագայթէ Աստուծոյ թագաւորութիւնը, բոլորին արժանապատուութիւնը Հարաւային Սուտանի ժողովուրդի լաւագոյն ձեւով ծառայելու համար։

Պատգամին մէջ յիշուած է 2019ին, Վատիկանի մէջ կայացած հարաւային Սուտանի քաղաքական իշխանութիւններու եւ հոգեւոր պետերուն միջեւ պատմական հանդիպումն ու այդ առթիւ կատարուած խոստումներ, մաղթելով որ այդ խոստումները լուսաւորեն քաղաքական իշխանութիւններուն գործերը, որպէսզի օրին մէջ եկեղեցապետերը կարենան անձամբ այցելել ու ժողովուրդին հետ նշել 9 մայիս 2011ին ձեռնարկուած նպաստները։
Պատգամը աւարտին հոգեւոր պետերը հայցեցին եղբայրութեան եւ խաղաղութեան աստուածային օրհնութիւնները հարաւային Սուտանի ժողովուրդին վրայ։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/07/2021, 11:52