Իրաք Իրաք 

Ֆրանչիսկոս Պապին ցաւակցութիւնը Իրաքի մէջ ահաբեկչական արարքին ի լուր

Ֆրանչիսկոս Պապ իր աղօթքը կը վերանորոգէ որպէսզի դադրին բռնութիւնները ու ամէն ջանք թափուի Իրաքի մէջ խաղաղութեան կերտման ի խնդիր։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Վատիկանի Պետական քարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին Ֆրանչիսկոս Պապին անունով ցաւակցական հեռագիր մը յղեց Իրաքի մէջ պապական նուիրակ Գերապայծառ Միթժա Լեսքովային, որուն մէջ Նորին Սրբութեան մօտիկութիւնը յայտնեց Իրաքի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական պայթումի զոհերուն, ապահովեցնելով իր աղօթքը բռնութեան աւարտին եւ համերաշխութեան կերտման ի խնդիր։

Ունկնդրէ լուրը

Ցաւակցական հեռագիրին մէջ կարդինալ Փարոլին կը նշէ.

Նորին Սրբութիւն ֆրանչիսկոս Պապի խորապէս տխրեցաւ իմանալով Պաղտատի Ալ Վուհայլաթ շուկային մէջ պայթումի պատճառով մարկային էակներու կորուստի լուրը։ Ան իր ցաւակցութիւնները կը յայտնէ զոհերու ընտանիքներուն եւ բարեկամներուն հայցելով Ամենակալին ողորմածութիւնը զոհերու հոգիներու համար։

Ֆրանչիսկոս Պապ իր աղօթքը կը վերանորոգէ որպէսզի դադրին բռնութիւնները ու ամէն ջանք թափուի Իրաքի մէջ խաղաղութեան կերտման ի խնդիր։ Նշուած է ցաւակցական հեռագիրին մէջ։

Յայտնենք, թէ Վատիկան Նիւզի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին Քաղդէացիներու պատրիարք կարդինալ Լուիս Ռաֆաէլ Սաքօ հաստատեց որ Իրաքի մէջ չկայ կայունութիւն եւ այս վերջին ահաբեկչական արարքը օրինակ մըն է ։ Բարոյական հարց է կաշառակերութիւնը, անմեղներու սպանութիւնը։ ըսաւ Կարդինալ Ռաֆաէլ Սաքօ որ այս օրերուն կը գտնուէր Էրպիլի մէջ հոգեւոր կրթութեան համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/07/2021, 09:20