Ֆրանչիսկոս Պապին թուիթը Ֆրանչիսկոս Պապին թուիթը 

Ֆրանչիսկոս Պապին շնորհակալութիւնը մօտիկութեան համար ու հրաւէրը աղօթելու հիւանդներուն համար։

«Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ բոլոր անոնց որոնք ինծի մօտիկ եղան աղօթքով եւ գուրգուրանքով անցեալ օրերուն հիւանդանոցին մէջ կեցութեանս ընթացքին» գրեց Սրբազան Պապը հիւանդանոցէն դուրս գալէն ետք հրատարակած թուիթին մէջ ուր նաեւ աւելցուց «Չի մոռնանք աղօթելու հիւանդներուն ու անոնց խնամք տանողներուն համար»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 14 Յուլիսին, հրապարակած թուիթով մը Սրբազան Պապը ուզեց յատուկ շնորհակալութիւն յայտնել բոլոր անոնց որոնք իրեն մօտիկութիւն ցուցաբերեցին աղօթքով եւ գուրգուրանքով իր հիւանդանոց կեցութեան օրերու ընթացքին ան ապա խնդրեց չի մոռնալ աղօթելու բոլոր հիւանդներուն համար ու նաեւ այդ հիւանդներուն խնամք տանողներուն համար։

Թուիթը

«Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ բոլոր անոնց որոնք ինծի մօտիկ եղան աղօթքով եւ գուրգուրանքով անցեալ օրերուն հիւանդանոցին մէջ կեցութեանս ընթացքին» գրեց Սրբազան Պապը հիւանդանոցէն դուրս գալէն ետք հրատարակած թուիթին մէջ ուր նաեւ աւելցուց «Չի մոռնանք աղօթելու հիւանդներուն ու անոնց խնամք տանողներուն համար»։

Շուտափոյթ ապաքինումի մաղթանքներ

Բազմաթիւ եղան արդարեւ եկեղեցական, քաղաքական, քաղաքացիական ու դիւանագիտական անձնաւորութիւնները, որոնք Նորին Սրբութեան ուղղեցին շուտափոյթ ապաքինումի ու վերականգնումի բարի մաղթանքներ. որոնց միացան համան աշխարհէն բազմաթիւ հաւատացեալներուն աղօթքներն ու բարի մաղթանքները։ Ալ Ազհարի իմամէն սկսեալ, անցնելով Կիպրոսի Օրթոտոքս եկեղեցւոյ Արքեպիսկոպոսէն, աշխարհի զանազան երկիրներու եպիսկոպոսական համահաւաք դասերէն մինչեւ ամենապարզ հաւատացեալն ու բարի կամք ունեցող մարդիկն ու կիները հետեւեցան եւ ուզեցին իրենց մօտիկութեան զգացումները արտայայտել Ֆրանչիսկոս Պապին որ անցեալ 4 յուլիսին ենթարկուեցաւ աղիքներու վիրահատման գործողութեան ու 10 օրեր ամբողջ խնամքի ենթարկուելէ ետք 14 յուլիսին վերադարձաւ Վատիկան։

Հայ Եկեղեցին Քահանայապետին մօտիկ

Բարեմաղթութիւններու շարքին նշենք նաեւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ հեռագիրը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա-ի նամակը ու Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ սիւնհոդոսական հայրերուն զօրակցական պատգամը որոնց միացաւ նաեւ Սուրբ Աթոռի մօտ Հաւատարմագրուած ՀՀ արտակարգ ու լիազօր դեսպան` Տիար Կարեն Նազարեանը։

Վերադրաձ Վատիկան

Նորին Սրբութիւնը նախ քան հիւանդանոցէն դուրս գալը ուզեց այցելութիւն տալ ուռուցքաբանութեան բաժանմունքի մէջ խնամուող փոքրիկ հիւանդներուն ապա նախ քան Վատիկան վերադարձը այցելեց «Սանթա Մարիա Մաճճորէ» Տիրամօր նուիրուած Հռոմի տաճարը ուր իրեն շատ սիրելի «Սալուս Փոփուլի Ռոմանի – Հռոմի ժողովուրդին փրկութիւն» Տիրամօր սրբապատկերին առջեւ աղօթեց անգամ մը եւս Երկնային մօր հովանիին յանձնելով իր կեանքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/07/2021, 09:00