«Տեսնել, բաժնեկցիլ ու պահպանել». Տարեցները մեր կեանքը սնուցող հաց են. Ֆրանչիսկոս Պապ

Մեծ հայրեն ու մեծ մայրերը կեանքի աւելցուկ մը չեն. Անոնք հացի թանկարժէք փշուրներ են, որոնք մեր կեանքի սեղանի վրայ մնացին ու որոնք կարող են տակաւին մեզ կերակրել «յիշողութեան բոյրով»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 25 Յուլիս 2021ին կը յիշատակուի Մեծ հայրերու, Մեծ մայրերու ու տարեցներու համաշխարհային առաջին օրը, հաստատուած Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին կողմէ 31 Յունուար 2021ին։

Այս յատուկ օրուան առիթով Սուրբ Պետրոսին մէջ նախատեսուած էր Սուրբ Պատարագ զոր գլխաւորեց Նոր Աւետարանումի Քահանայապետական Խորհուրդի նախագահ` Գերապայծառ Ռինօ Ֆիզիքելլան, տրուած ըլլալով որ Սրբազան Պապը տակաւին կը գտնուի վերականգման շրջանի մէջ յուլիս ամսուայ սկիզբը վիրաբուժական գործողութեան ենթարկուելէն ետք։

Սուրբ Զոհի ընթացքին Գերապայծառ Ֆիզիքելլա ընթերցեց Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ պատրաստած յաւուր պատշաճի քարոզը որ կեդրոնացած էր օրուան աւետարանական հատուածին վրայ եւ որ քաղուած էր Յովհաննէսի Աւետարանէն (գլ. 6, 5-12) ուր աւետարանիչը կը պատմէ Յիսուսին կողմէ հինգ հացերու եւ երկու ձուկերու բազմացումին հրաշքը։

Գերապայծառ Ֆիզիքելլայի կարդացած քարոզին մէջ Սրբազան Պապը ի մէջ այլոց գրած է.

Այս Օրուան առիթով, որ նուիրուած է մեծ հայրերու, մեծ մայրերու եւ տարեցներուն կ՛ուզեմ կեդրոնանալ Յիսուսին ապրած երեք պահերուն վրայ. Յիսուս կը տեսնէ բազմութիւնը. Յիսուս կը կիսէ հացը եւ Յիսուս կը յանձնարարէ հաւաքել մնացածը որպէսզի ոչ մէկ բան կորսուի։

Երեք պահեր որոնք կարելի է եզրակացնել երեք բայերու մէջ. Տեսնել, բաժնեկցիլ ապա պահպանել։

Տեսնել։ Յովհաննէս Աւետարանիչը կ՛ընդգծէ որ Յիսուս աչքերը կը բարձրացնէ ու կը նշմարէ անօթի բազմութիւնը, որ եկած է իրեն հանդիպելու երկար ճանապարհէ մը ետք։ Այսպէս է որ կը սկսի հրաշքը, Յիսուսն հայեացքով, որ անտարբեր չէ ու կը նշմարէ անօթութեան ցաւը որ կը ճնշէ յոգնած մարդկութեան վրայ։ Ան կը մտահոգուի մեզի համար ու կ՛ուզէ յագեցնել մեր կեանքի անօթութիւնը, սէրն ու երջանկութիւնը։

Տարեցներու հայեացքը մեր կեանքին վրայ նման է Յիսուսին հայեացքին։ Անոնք մեր պատանութեան ժամանակէն ի վեր հոգ տարին մեզի։ Զոհողութիւններով լի կեանքի մը աւարտին անոնք անտարբեր չի մնացին։ Ունեցան ուշադիր աչքեր, լի քնքշութեամբ։ Անոնք նշմարեցին այն բաները որոնք մեր սրտին մէջ փոփոխութեան կ՛ենթարկուէին, նշմարեցին մեր թաքուն արցունքներն ու մեր երազները։ Բոլորս ալ անցանք անոնց ծունկերէն ու բազուկներէն եւ շնորհիւ այդ սիրոյն է որ չափահաս դարձանք։

«Բայց մենք ինչ տեսակ հայեացք ունինք մեծ հայրերու, մեծ մայրերու ու տարեցներու նկատմամբ» հարց տուաւ Սրբազան Պապը քարոզին մէջ, ու աւելցուց «ե՞րբ եղաւ վերջին անգամը երբ անոնց ընկերացանք, հեռաձայնուինք անոնց փոխանցելու համար մեր մօտիկութեան զգացումները ու թոյլ տալու որ օրհնուինք անոնց խօսքերէն»։

Քահանայապետին ցաւը

«Ես կը ցաւիմ երբ տեսնեմ արագընթաց ընկերութիւնը, որ անտարբեր ու զբաղած է, կորսուած շատ մը բաներու մէջ ու անկարող կանգ առնելու եւ հայեացք մը ուղղելու, ողջոյն մը փոխանցելու ու շոյանք մը յատկացնելու» յարեց Սրբազան Պապը։

Ես վախ ունիմ ընկերութենէ մը ուր բոլորս ալ անանուն բազմութիւն մըն ենք ու այլեւս կարող չենք հայեացքը բարձրացնելու ու իրար ճանչնալու։ Մեծ հայրերն ու մեծ մայրերը, որոնք մեր կեանքը սնուցեցին այսօր անօթի են մեզմով, մեր ուշադրութեան ու մեր քնքշութեան անօթութիւնը ունին։ Բարձրացնենք մեր հայեացքը անոնց վրայ այնպէս ինչպէս կ՛ընէ Յիսուս մեր հետ» թելադրեց Ֆրանչիսկոս Պապը։

Բաժնեկցիլ։ Տեսնելէ ետք մարդոց անօթութիւնը Յիսուս կը փափաքի զանոնք կշտացնել եւ այս կը պատահի շնորհիւ երիտասարդ պատանիի մը որ իր հինգ հացերն ու ձուկերը կը նուիրէ։ Գեղեցիկ է որ գրեթէ հինգ հազար չափահաս մարդիկ կարողացան կշտանալ երիտարադի մը շնորհիւ որ կը բաժնեկցի իր ունեցածը։

Այսօր եւս կայ երիտասարդներու ու տարեցներու միջեւ նոր ուխտի մը անհրաժեշտութիւնը, կեանքի միասնական գանձը բանակցիլը ու միասին երազելը` յաղթահարելու համար սերունդներու միջեւ հակառակութիւնները ու բոլորի համար պատրաստել աւելի լաւ ապագայ մը. Առանց այդ ուխտին, երազներուն ու ապագային մենք կ՜ապրինք սովէ մեռնելու վտանգը,ի տես առանձնութեան, եսասիրութեան ու բաժնող ուժերուն։

«Աւետարանը մեզ կը հրաւիրէ բաժնեկցելու այն ինչ որ ենք եւ ինչ որ ունինք միայն այսպէս է որ կրնանք յագեցնել մեր անօթութիւնը» դիտել տուաւ Սրբազան Պապը։

Պահպանել։ Ուտելէ ետք շատ աւելցուքներ կային կը նշէ աւետարանիչը եւ Յիսուս կը յանձնարարէ հաւաքել զանոնք որպէսզի ոչ մէկ բան կորսուի։

Ասիկա Աստուծոյ սիրտն է, ան ոչ միայն մեզի կը պարգեւէ այն բաները որոնց կարիքը ունինք այլ կը մտահոգուի նաեւ որ ոչ մէկ բան կորսուի։ Ոչ իսկ հացի փշուր մը։

Մեծ հայրեն ու մեծ մայրերը կեանքի աւելցուկ մը չեն. Անոնք հացի թանկարժէք փշուրներ են, որոնք մեր կեանքի սեղանի վրայ մնացին ու որոնք կարող են տակաւին մեզ կերակրել «յիշողութեան բոյրով»։ Չի կորսնցնենք այդ յիշողութիւնը, որովհետեւ մենք այդ պատմութեան զաւակներ ենք, որոնք առանց արմատներու կարող են թառամիլ։

Անոնք մեզ պահպանեցին մեր աճումի ուղեւորութեան ընթացքին, այժմ մեզի կ՛իյնայ պահապան կանգնիլ անոնց կեանքին, դիւրացնել անոնց դժուարութիւնները, մտիկ ընել անոնց կարիքներուն, ստեղծել պայմաններ` որոնք կը դիւրացնեն անոնց առօրեան։ Պահպանենք զանոնք որպէսզի իրենց կեանքէն եւ իրենց երազներէն ոչ մէկ բան կորսուի։

Մեծ հայրերը, մեծ մայրերը ու տարեցները հաց են որոնք կը սնուցանեն մեր կեանքը։ Երախտապարտ ըլլանք անոնց հայեացքին համար, ծունկերուն եւ բազուկներուն համար անոնց շոյանքներուն ու խաղերուն համար։ Սորվինք կանգ առնել, ճանչնալ զանոնք, մտիկ ընել անոնց։ Երբեք չարհամարհենք զանոնք։ Պահպանենք զանոնք սիրոյ մէջ ու սորվինք նաեւ անոնց հետ կիսել ժամանակը։ Ապա երիտասարդներ ու տարեցներ միասնաբար պիտի կշտանանք Աստուծմէ օրհնուած բաժնեկցութեան սեղանէն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/07/2021, 11:15