Ճեմելլի հիւանդանոցը Ճեմելլի հիւանդանոցը 

Կը շարունակուի Ֆրանչիսկոս Պապին վերականգնումի եւ բժշկական խնամքի ընթացքը։

Նորին Սրբութեան մտածումը կ՝երթայ մահիճներուն մէջ անշարժացած հիւանդներուն։

Վատիկան Նիուզ

Երեքշաբթի, 13 յուլիսին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէնը հաղորդագրութեամբ մը տեղեկացուց ֆրանչիսկոս Պապին առողջապահական ներկայ վիճակի մասին։

«Հռոմի Ճեմելլի հիւանդանոցէն ներս կը շարունակուի Ֆրանչիսկոս Պապին վերականգնումի եւ բժշկական խնամքի ընթացքը, որ անոր առիթ պիտի տայ շուտով վերադառնալու Վատիկան» նշուած է Տիրա Պրունիի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ ուր Ան աւեցուցած է,  որ «Նորին Սրբութիւնը հիւանդանոցին մէջ հանդիպած բազմաթիւ  հիւանդներու շարքին Ան յատուկէն կը յիշէ անոնք որոնք անշարժացած մահիճներուն վրայ չեն կարող դառնալ իրենց տուները։ Թող որ անոնք այս ժամանակը ապրին իբրեւ հնարաւորութիւն, նոյնիսկ եթէ ան ապրուած է ցաւի մէջ, որպէսզի քնքշութեամբ բացուին իրենց կողքին գտնուող եղբայր ու քոյր հիւանդին՝ որուն հետ կիսել մարդկային միենոյն դիւրաբեկութիւնը»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/07/2021, 13:00