Ճեմելլի հիւանդանոցը Ճեմելլի հիւանդանոցը 

Ֆրանչիսկոս Պապ կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքը պիտի արտասանէ Ճեմելլի հիւանդանոցէն

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէին հաղորդագրութիւն Ֆրանչիսկոս Պապին յե

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հռոմի Ճեմելլի հիւանդանոցին մէջ կը շարունակուի Քահանայապետին յետվիրաբուժական խնամքի ընթացքը։

Ունկնդրէ լուրը

Ուրբաթ, 9 յուլիսին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն տիար Մաթէօ Պրունիի հրապարակած տեղեկագիրին մէջ կը նշուի, որ ֆրանչիսկոս Պապ մատուցեց սուրբ Պատարագ, կատարեց փոքրիկ աշխատանքներ՝ առանց ջերմութեան բարձրացումին ։

Ֆրանչիսկոս Պապ, կիրակի 11 յուլիսին, կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքը պիտի կատարէ Ճեմելլի հիւանդանոցին 10 յարկէն, նշուած է Սուրբ Աթոռի տեղեկագիրին մէջ, որուն մէջ աւելցուած է նաեւ ,որ Նորին Սրբութիւնը հանգիստ օր անցուցած է՝ բնականոն յետվիրաբուժական խնամքի ընթացքով ու հիւանդանոցին մէջ քիչ մը շրջագայելով եւ քիչ մըն ալ գիրք կարդալով։

Յետմիջօրէին, Ֆրանչիսկոս Պապ սուրբ պատարագ մատուցեց իր գտնուած կեդրոնին մատրան մէջ, ներկայութեամբ զինք հոգացող բժիշկներուն ու հիւանդապահներուն։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/07/2021, 12:14