Ճեմելլի հիւանդանոց Ճեմելլի հիւանդանոց 

Քահանայապետը հիւանդանոցին մէջ. Կանոնաւոր ընթացք. Նախաճաշ ըրաւ ու քալեց։

6 յուլիսի տեղեկագիր։ ֆրանչիսկոս Պապը գիշերուան ընթացքին հանգիստ ըրաւ ու այսօր առաւօտեան թրատեց օրաթերթերը։ Սովորական ստուգումներու արդիւնքները դրական են։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ

«Անցեալ կիրակի օրուայ յետմիջօրէէն սկսեալ Ճեմելլի Հիւանդանոցին մէջ գտնուող Ֆրանչիսկոս Պապին յետ-գործողութեան ընթացքը կ՛ընթանայ կանոնաւոր կերպով» հաստատեց 6 Յուլիսին հրապարակած հաղորդագրութեան մը մէջ Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակի տնօրէնը Տիար Մաթթէօ Պրունին ակնարկելով Քահանայապետին աղիքներու գործողութեան։

«Սրբազան Քահանայապետը գիշերուան ընթացքին հանգիստ ըրաւ ու այսօրուան առաւօտուն նախաճաշեց ապա կարդաց մի քանի օրաթերթեր, հուսկ ոտքի ելաւ ու քալեց» գրուած է վերոնշեալ հաղորդագրութեան մէջ։

«Յետ գործողութեան ընթացքը կանոնաւոր է» հաստատեց ապա Մաթթէօ Պրունին հիմնուելով Քահանայապետը խնամող բժիշկներու ցուցմունքներուն վրայ ու աւելցնելով նաեւ թէ «Սովորական ստուգումներու արդիւնքները դրական են»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/07/2021, 12:15