Պելճիքայի մէջ ողողումներ Պելճիքայի մէջ ողողումներ 

Ֆրանչիսկոս Պապ յիշեց Եւրոպայի մէջ ողողումի պատճառով զոհերը, հարաւային Ափրիկէ մէջ ներկայ դժուար իրավիճակը, ու կոչ ուղղեց Քուպայի մէջ խաղաղութեան ի սպաս։

Մօտիկ եմ նաեւ սիրելի Քուպայի ժողովուրդին այս դժուար պահերուն, յատուկէն ընտանիքներուն, որոնք ամենէն շատ տառապողներն են։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի առթիւ ներկայացուցած խորհրդածութեան աւարտին ֆրանչիսկոս Պապ իր մօտիկութիւնը յայտնեց Գերմանիոյ, Պելճիքայի եւ Հոլանտայի ողողումներուն պատճառած զոհերը, հայցելով Աստուծմէ որ ընդունի մեռեալները իր լոյսի մէջ, մխիթարութիւն ու սփոփանք շնորհէ անոնց ընտանեկան պարագաներուն ու աջակցի շտապ օգնութեան հասնող փրկարարներուն։

Ունկնդրէ լուրը

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա անդրադարձաւ Հարաւային Ափրիկէի մէջ քաղաքական ծանր իրավիճակին նշելով որ այս վերջին շաբաթուան ընթացքին բռնութեան լուրեր հասան, որոնք ծանրացուցին հարաւային Ափրիկէի մէջ մեր եղբայրներու կացութիւնը, որոնք արդեն վնասուած են տնտեսական եւ առողջապահական կացութենէն, համաճարակի հետեւանքով։

Միացած երկրի եպիսկոպոսներուն կոչ կ՝ուղղեմ ներգրաւուած բոլոր պատասխանատուներուն որպէսզի աշխատին խաղաղութեան համար եւ գործակցին իշխանութիւններու հետ՝ կարիքաւորներուն խնամք մատակարարելու ի խնդիր։

Թող չմոռցուի փափաքը որ առաջնորդեց Հարաւային Ափրիկէի ժողովուրդը համերաշխութեան մէջ վերածնելու համար իր բոլոր զաւակներու միջեւ։

Մօտիկ եմ նաեւ սիրելի Քուպայի ժողովուրդին այս դժուար պահերուն, յատուկէն ընտանիքներուն, որոնք ամենէն շատ տառապողներն են։

Աստուծոյ կ՝աղօթեմ որպէսզի օգնէ խաղաղութիւն, երկխօսութիւն եւ զօրակցութիւն կերտելու, ինչպէս նաեւ աւելի արդար եւ եղբայրական ընկերութիւն մը։ Կը յորդորեմ բոլոր Քուպացիները վստահելու Քոպրէի Սիրոյ Տիրամօր։Ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապ ապա բարի կիրակի մաղթելէ ետք խնդրեց որ չմոռնան աղօթել իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/07/2021, 12:55