Ֆրանչիսկոս Պապ Էտկար Մորինի հետ Ֆրանչիսկոս Պապ Էտկար Մորինի հետ 

Էտկար Մորինի 100 ամեակ. Կեանք մը ի ծառայութիւն աւելի լաւ աշխարհի. Ֆրանչիսկոս Պապ։

«Եունեսքօ»ն Ֆրանսացի փիլիսոփայ Էտկատ Մորինի 100 ամեակին առթիւ կազմակերպեց յատուկ օր մը, որուն միացաւ նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապը Կարդինալ Փարոլինի ստորագրութիւնը կրող մէկ պատգամով։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Խնդակցութիւններ եւ շնորհաւորութիւններ «երկար կեանքի մը համար, որ հարուստ է իրադարձութիւններով եւ հանդիպումներով» ինչպէս նաեւ մտաւոր անխոնջ գործունէութեան համար, զոր «դժուար է ներփակել քիչ բառերու մէջ»։ Կարդինալ Փարոլինի ստորագրութիւնը կրող պատգամով է, որ Ֆրանչիսկոս Պապը իր մասնակցութիւնը կը բերէ «Եունեսքօ»ի կողմէ կազմակերպուած կլոր սեղանին որ նուիրուած է ֆրանսացի փիլիսոփայ եւ ընկերաբան Էտկար Մորինին, աւազանի անունով Էտկար Նաում, որ 100 տարիներ առաջ ծնած է Փարիզի մէջ ու եղած է մէկ դարու պատմութեան վկան։

Քահանայապետին պատգամի ընթերցումը կատարեց մշակոյթին նուիրուած ՄԱԿ-ի կառոյցին մօտ Սուրբ Աթոռին մնայուն դէտը գերապայծառ Ֆրանչեսքօ Ֆօլլօ։

Սրբազան Քահանայապետը որ Էտկար Մորինը ընդունած էր Վատիկանի մէջ 27 յունիս 2019-ին, գնահատանք կ՛արտայայտէ փիլիսոփայ փրոֆեսորին երկարամեայ գործունէութեան համար, որ եղաւ «առանձնաշնորհեալ վկան ընկերային յեղաշրջումներու», ինչպէս նաեւ ուշադիր վերլուծաբան ժամանակներու արաք ուղեւորութեան, որ «յոյսեր» քաղեց անկէ զգուշացնելով մարդկութեան սպառանցող  հնարաւոր վտանգներէն։

Քահանայապետը յատուկէն կը շեշտէ Մորինի դերակատարութիւնը «քաղաքակրթութեան քաղաքականութեան» անհրաժեշտութեան գծով անոր ներդրումներուն համար ուր մարդը եւ ոչ թէ դրամը ընտրուելու է որպէս կեդրոն։ Ան ապա այլ գիտնականներու հետ միասին աշխատած է ի նպաստ «ժողովուրդներու միջեւ համագործակցութեան», «աւելի մարդկային եւ աւելի արդար ընկերութեան կառուցումին» ինչպէս նաեւ «ժողովրդավարութեան վերանորոգումին» համար, կը յիշեցնէ Սրբազան Պապը պատգամին մէջ ընդգծելով նաեւ  «զօրակցութեան եւ համակեցութեան կապերու» կարեւորութիւնը խթանելու համար «բացուածք եւ ընկալում»։

Պատգամի աւարտին Սրբազան Պապը կը յիշէ Մորինի հետ իր ունեցած հանդիպումը զայն որակելով «ուրախ յիշատակ» ու մատնանշելով յատկապէս Մորինին մասնակցութեան «Կրթական Համապարփակ դաշինքին», զօրեղ մարտահրաւէր մը որուն մեկնարկ տուաւ Քահանայապետը անցեալ տարի եւ զոր Մորինը կիսեց եւ խորացուց իր գրութիւններով։

Պատգամը կ՛աւարտի շնորհակալութեան արտայայտութիւններով բոլոր այն ջանքերուն համար «կեանքի մը նուիրուած աւելի լաւ աշխարհի մը ծառայութեան ի սպաս» ու մաղթանքով որ Տէրը շարունակէ լուսաւորել ճանապարհը, որ տակաւին անոր առջեւ կը գտնուի»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/07/2021, 15:55