Ֆրանչիսկոս Պապին կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքը Ճեմելլի հիւանդանոցէն

«Առողջապահական համակարգ, որ ապահովէ լաւ ծառայութիւն ու մատչելի ըլլայ բոլորին» շեշտեց Սրբազան Պապը հաստատելով որ պէտք չէ կորսնցնել այս թանկարժէք բարիքը որուն համար պէտք է որ բոլորս յանձնառու ըլլանք, որովհետեւ ան կը ծառայէ բոլորին ու կը պահանջէ բոլորին սատարը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ինչպէս յայտնի է Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը անցեալ կիրակի օրուընէ կը գտնուի Հռոմի Քահանայապետերու հիւանդանոց Ճեմելլիի մէջ ուր ենթարկուեցաւ աղիքներու վիրահատական գործողութեան, որ ըստ տուեալներուն շատ յաջող անցաւ ու Քահանայապետը արդեն սկսաւ վերագտնել իր ուժերը ու բնականոն կեանքի վերադառնալու պայմանները։

Ճեմելլի հիւանդանոցը երրորդ վատիկան

Տրուած ըլլալով, որ Նորին Սրբութիւնը  պէտք է շարունակէ յետ վիրաբուժական խնամքը հիւանդանոցին մէջ որոշեց Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքը կատարել հիւանդանոցէն ինչպէս յաճախ ըրած էր իր նախորդը Սուրբ Յովհաննէս Պoղոս Բ Քահանայապետը, ըլլայ իր դէմ մահափորձի բերումով հիւանդանոց կեցութեան ընթացքին, ըլլայ հիւանդութեան  այլ պարագաներու առթիւ, Ճեմելլի հիւննացուելը անուանելով «Երրորդ Վատիկան» ու բացատրելով, որ առաջինը Վատիկանն է, Սուրբ Պետրոսի հրապարակը երկրորդը` Քասթելկանտոլֆոն է, Քահանայապետերու ամարանոցը եւ այժմ Ճեմելլի հիւանդանոցը։

Մօտիկութիւն Քահանայապետին

Այս վերջին շաբթուայ ընթացքին շատեր եղան անոնք որոնք մտահոգութեամբ  հետեւեցան Սրբազան  Քահանայապետի առողջապահական իրավիճակի լուրերուն ու բազմաթիւ եղան նաեւ անոնք, որոնք Նորին Սրբութեան յայտնեցին իրենց մօտիկութեան զգացումները անոր ապահովեցնելով աղօթքներ ու մաղթելով շուտափոյթ ապաքինում, սկսեալ Պետութիւններու ու կառավարութիւններու ղեկավարներէն, քաղաքական գործիչներէն, դիւանագիտական մարզի ներկայացուցիչներէն, եկեղեցական ու հոգեւոր առաջնորդներէն մինչեւ ամենավերջին ու պարզ հաւատացեալը, որոնց շարքին նաեւ մանուկներ, տնանկներ ու թշուառութեան մէջ ապրող անձինք։

Ճիշդ այդ մօտիկութիւնն ու աղօթքներ են մի գուցէ որոնք ուժ պարգեւեցին Ֆրանչիսկոս Պապին, որպէսզի հակառակ իր յառաջացած տարիքին կարողանայ արագօրէն վերագտնել իր ֆիզիկական ուժերը եւ յարգել կիրակնօրեայ այս ժամադրութիւնը հաւատացեալներուն հետ։ 

Իւղով կ՛օծէին բազմաթիւ հիւանդներ ու կը բժշկէին զանոնք

«Ուրախ եմ որ կարողացայ պահել Հրեշտակ Տեառնի  կիրակնօրեայ աղօթքի ժամադրութիւնը նոյնիսկ այստեղէն Ճեմելլիի հիւանդանոցէն» ըսաւ Սրբազան Պապը Մարեմեան աղօթքէն առաջ Ճեմելլի հիւանդանոցի  պատշգամէն արտասանած իր խօսքին մէջ, շնորհակալութիւն յայտնելով բոլորին «աղօթքի եւ մօտիկութեան համար»։

«Այսօրուայ աւետարանը մեզի կ՛ըսէ թէ Յիսուսի աշակերտները «իւղով կ՛օծէին բազմաթիւ հիւանդներ ու կը բժշկէին զանոնք (Մարկոս 6,13)։ Այդ իւղը վստահաբար հիւանդայց օծման խորհուրդն է, որ մխիթարութիւն կը պարգեւէ հոգւոյն եւ մարմինին»  ըսաւ Սրբազան Պապը հաստատելով, թէ «այդ իւղը է նաեւ ունկնդրութիւնը, մօտիկութիւնը, հոգատարութիւնը, քնքշութիւնն անոր որ հոգ կը տանի հիւանդ մարդուն, շոյանք մը` որ մեզ աւելի լաւ կը զգացնէ ու կը մեղմացնէ ցաւը ու կը վերականգնէ»։

Առողջապահական համակարգը հասանելի բոլորին

«Բոլորս ալ ուշ կամ կանուխ կարիքը ունինք այդ «իւղին» եւ բոլորս կարող ենք զայն նուիրել ուրիշի մը,  այցելութեամբ, հեռաձայնով մը, ձեռք երկարելով անոր` որ օգնութեան կարիք ունի» յարեց Սրբազան Պապը, դիտել տալով՝ թէ այս օրերուն ինք անձամբ փորձարկեց թէ որքան կարեւոր է առողջապահական լաւ ծառայութիւն մը, որ մատչելի ըլլայ բոլորին ինչպէս իտալիոյ եւ այլ երկիրներու մէջ։

«Առողջապահական համակարգ, որ ապահովէ լաւ ծառայութիւն ու մատչելի ըլլայ բոլորին» շեշտեց Սրբազան Պապը, հաստատելով`  որ «պէտք չէ կորսնցնել այս թանկարժէք բարիքը որուն համար պէտք է որ բոլորս յանձնառու ըլլանք, որովհետեւ ան կը ծառայէ բոլորին ու կը պահանջէ բոլորին սատարը»։

Շնորհակալութիւն առողջապահութեան մարզի գործիչներուն

Սրբազան Պապը առ այդ ուզեց իր գնահատանքը եւ քաջալերանքը արտայայտել բժիշկներուն ու բոլոր առողջապահական մարզի գործիչներուն հուսկ հրաւիրեց աղօթել հիւանդներուն համար մասնաւորապէս  անոնց որոնք կ՛ապրին դժուար պայմաններու մէջ. «Ոչ մէկը թող մնայ առանձին ու իւրաքանչիւր անձ կարողանայ ընդունիլ ունկնդրութեան, մօտիկութեան եւ խնամքի իւղը» կոչ ուղղեց Ֆրանչիսկոս Պապը եզրափակելով իր խօսքը ու այդ իր իղձը յանձնելով Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/07/2021, 12:15

«Հրեշտակ Տեառն»ը աղօթք մըն է որ կ՛արտասանուի օրը երեք անգամ ի յիշատակ Մարդեղութեան խորհուրդին – առաւօտեան 6-ին, կէսօրին ու երեկոյեան 18-ին, պահը երբ կը հնչէ «Հրեշտակ Տեառն»ի զանգակը։ Աղօթքին անունը առնուած է աղօթքին առաջին բառերէն «Հրեշտակ Տեառն աւետեաց Սրբոյ Կուսին Մարիամու» ու բաղկացած է երեք փոքրիկ նախադասութիւններէ որոնք կը հային Յիսուս Քրիստոսի Մարդեղութեան, ապա երեք Ողջոյն Քեզ Մարիամ աղօթք։ Սոյն աղօթքը կ՛արտասանէ Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, Կիրակի օր կէսօրին ու Տօնական օրերուն առթիւ։ Հրեշտակ Տեառն աղօթքէն առաջ Քահանայապետը կը ներկայացնէ հակիրճ խորհրդածութիւն մը, ներշնչուելով օրուան սուրբգրային ընթերցումներէն, որուն կը յաջորդէ նաեւ ուխտաւորներուն ուղղուած ողջոյնի խօսքը։ Սուրբ Զատիկէն մինչեւ Պենտեկոստէի տօնը, Հրեշտակ Տեառն-ի տեղ կ՛արտասանուի «Ուրախ լեր Թագուհի Երկնից» աղօթքը, որ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան յիշատակին աղօթքն է, որուն աւարտին «Փառք Հօր»ը կ՛արտասանուի երեք անգամ։

Վերջին «Հրեշտակ Տեառնը» / «Ուրախ լեր Թագուհի երկնից»

Կարդալ բոլորը >