Ֆրանչիսկոս Պապ. «Սորվինք աղօթել եւ կապի մէջ մնալ Աստուծոյ հետ։»

Ֆրանչիսկոս Պապին կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութիւնը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Կիրակի, 18 յուլիսին, կէսօրին, Վատիկանի Առաքելական Պալատին իր գրասենեակի պատուհանէն Ֆրանչիսկոս Պապ արտասանեց Մարեմեան կիրակնօրեայ աղօթքը ու ներկայացուց փոքրիկ խորհրդածութիւն մը ներշնչուելով օրուան աւետարանին հատուածէն։ (Մարկ 6, 30-34)։

Ունկնդրէ լուրը

Խորհրդածութեան մէջ Սրբազան Հայրը նշեց որ այսօրուան աւետարանին մէջ նշուած Յիսուսի կեցուածքը մեզի կ՝օգնէ ըմբռնելու կեանքի երկու կարեւոր ուղղութիւններ, Առաջինը, հանգստութիւնը։ Առաքեալները յոգնած իրենց առաքելութենէ , քաջալերուած կը վերադառնան ու Յիսուսի կը պատմեն այն ինչ որ կատարեցին։ Յիսուս քնքշութեամբ կը մօտենայ անոնց ու կը հրաւիրէ անապատին մէջ մէկ կողմ քաշուիլ, քիչ մը հանգստանալու համար։

Յիսուս այսպէս կատարելով մեզի կը սորվեցնէ թանկարժէք բան մը։ Նոյնիսկ եթէ Ան ուրախ էր աշակերտներու բեղուն քարոզչութենէն, առանց երկար հարցումներ ուղղելու կը մտահոգուի անոնց ֆիզիկական եւ ներքին յոգնութենէն եւ կ՝ուզէ զիրենք հեռու պահել փորձութենէ մը, որ է նաեւ մեզի համար փորձութիւն մը, որ կը կայանայ գործի խանդավառութեան մէջ մխրճուելու մէջ, իյնալ գործունէութեան ծուղակին մէջ, որուն մէջ ամենէ կարեւոր երեւոյթները կը կայանան ստացուած արդիւնքներու մէջ եւ բացարձակ դերակատարներ զգալու մէջ։

Քանի անգամ կը պատահի նաեւ եկեղեցւոյ մէջ. բազմազբաղ ենք, կը մտածենք որ ամէն բան մեզմէ կախեալ է, վերջապէս կը փորձութեան կը մատնուինք Յիսուսը անտեսելու։ Ասոր համար Յիսուս իր առաքեալները կը հրաւիրէ իրենց հետ քիչ մը հանգստանալու, ոչ միայն ֆիզիքական հանգստութեամբ այլեւ սիրտի հանգստութեամբ ու սա կատարելու համար պէտք է վերադառնալ եղելութիւններու, իրողութիւններու սիրտը։ Կանգ առնել ու աղօթել լռութեան մէջ։

Յիսուսի հեռու չէր մնար ժողովուրդի պահանջներէն, սակայն ամէն օր, ամէն բանէ առաջ կը քաշուէր աղօթելու լռութեան մէջ, Հօր հետ մտերմութեան մէջ։ Անոր հրաւէրը՝ «քիչ մը հանգիստ ըրէք», պէտք է մեզ ընկերանայ, դադրեցնելու մեր օրակարգերու մէջ նշուած վազվզուքները։ Սորվինք մառել մեր հեռաձայնները, անձերու աչքերու մէջ նայելու համար, լռութեան մէջ մշակելու եւ մտածելու բնութեան մասին, վերածնելու երկխօսութեան մէջ Աստուծոյ հետ։

Այսօրուան աւետարանի երկրորդ կարեւոր մասն է կարեկցութիւնը։ Յիսուսի գթասրտութիւնը, կարեկցութիւնը։ Ան ժողովուրդին կը նուիրուի կը վերսկսի ուսուցանել։ Կարեկցութիւնը կը ծնի հայեցողութենէն։

Եթէ սորվինք իսկապէս հանգիստ ընել, իսկական կարեկցութեան կարող պիտի դառնանք, եթէ մշակենք հայեցողական նայուածք մը, յառաջ պիտի տանինք մեր գործունէութիւնները առանց յափշտակիչ կեցուածքի անոր որ կ՝ուզէ ամէն բանի տիրելու ու սպառել։ Եթէ կապի մէջ մնանք Տիրոջ հետ, չ՝ անզգայացնենք մեր ամէն խորունկ բաժինը, իրագործելիք գործունէութիւնները պիտի չ՝ունենան կարողութիւնը մեր շունչը կտրելու եւ մեզ յափշտակելու։

Կարիքը ունինք սիրտի բնապահպանութեան, որ կը կազմուի հանգստութեամբ, կարեկցութեամբ, հայեցողութեամբ։ Օգտագործենք ամառնային եղանակը ասոր համար։ Ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ խորհրդածութեան մէջ, Ան ապա հրաւիրեց աղօթել Տիրամօր, որ մշակեց լռութիւնը, աղօթքը եւ հայեցողութիւնը եւ միշտ կարեկից է իր զաւակներու հետ։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/07/2021, 12:10

«Հրեշտակ Տեառն»ը աղօթք մըն է որ կ՛արտասանուի օրը երեք անգամ ի յիշատակ Մարդեղութեան խորհուրդին – առաւօտեան 6-ին, կէսօրին ու երեկոյեան 18-ին, պահը երբ կը հնչէ «Հրեշտակ Տեառն»ի զանգակը։ Աղօթքին անունը առնուած է աղօթքին առաջին բառերէն «Հրեշտակ Տեառն աւետեաց Սրբոյ Կուսին Մարիամու» ու բաղկացած է երեք փոքրիկ նախադասութիւններէ որոնք կը հային Յիսուս Քրիստոսի Մարդեղութեան, ապա երեք Ողջոյն Քեզ Մարիամ աղօթք։ Սոյն աղօթքը կ՛արտասանէ Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, Կիրակի օր կէսօրին ու Տօնական օրերուն առթիւ։ Հրեշտակ Տեառն աղօթքէն առաջ Քահանայապետը կը ներկայացնէ հակիրճ խորհրդածութիւն մը, ներշնչուելով օրուան սուրբգրային ընթերցումներէն, որուն կը յաջորդէ նաեւ ուխտաւորներուն ուղղուած ողջոյնի խօսքը։ Սուրբ Զատիկէն մինչեւ Պենտեկոստէի տօնը, Հրեշտակ Տեառն-ի տեղ կ՛արտասանուի «Ուրախ լեր Թագուհի Երկնից» աղօթքը, որ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան յիշատակին աղօթքն է, որուն աւարտին «Փառք Հօր»ը կ՛արտասանուի երեք անգամ։

Վերջին «Հրեշտակ Տեառնը» / «Ուրախ լեր Թագուհի երկնից»

Կարդալ բոլորը >