«Իսկական հրաշքը բազմապատկելը չէ` բաժնեկցութիւնն է». Քահանայապետին Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութիւնը

«Աստուծոյ նուիրումի տրամաբանութիւնը տարբեր է մեր տրամաբանութենէն։ Մենք կը ջանանք դիզել ու բազմապատկել մեր ունեցածը, մինչ Յիսուս կը խնդրէ նուիրել ու նուազեցնել»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ասկէ վերջ Յիսուս Գալիլեայի Տիբերական ծովուն դիմացի կողմն անցաւ։ Անոր ետեւէն կ՛երթար մեծ բազմութիւն մը, որովհետեւ կը տեսնէին հրաշքները` զոր կը գործէր հիւանդներու վրայ։ Յիսուս լեռ ելաւ եւ հոն նստաւ աշակերտներուն հետ։  Եւ մօտ էր Զատիկը, հրեաներու տօնը։ Յիսուս աչքերը վեր բարձրացուց եւ տեսաւ որ շատ ժողովուրդ կու գար իրեն. հարցուց Փիլիպպոսին. «Ուրկէ՞ պիտի գնենք հաց` որ ատոնք ուտեն»։ Այս կ՛ըսէր` զանիկա փորձելու համար. որովհետեւ ինքը գիտէր` թէ ինչ պիտի ընէր։

Փիլիպպոս պատասխանեց. «Երկու հարիւր դահեկանի հաց չի բաւեր ատոնց, նոյնիսկ եթէ իւրաքանչիւրը քիչ բան առնէ»։   Աշակերտներէն մէկը` Անդրէաս, Սիմոն Պետրոսի եղբայրը, ըսաւ Յիսուսին. «Հոս պատանի մը կայ, որ գարիէ հինգ հաց ունի եւ երկու ձուկ. բայց ատ ի՞նչ է այդչափ բազմութեան համար»։

Յիսուս ըսաւ. «Նստեցուցէ՛ք մարդիկը»։ Առատ խոտ կար այն տեղ, եւ գրեթէ հինգ հազար հոգի նստան։ Յիսուս առաւ հացերը, գոհացաւ եւ բաժնեց նստողներուն. նոյնպէս ձուկերն ալ, որչափ որ ուզեցին։ Երբ կշտացան` ըսաւ աշակերտներուն. «Հաւաքեցէ՛ք աւելցած կտորները, որպէսզի բան չկորսուի»։  Հաւաքեցին եւ տասներկու սակառ լեցուցին գարիէ հինգ հացերու կտորներով, որ աւելցած էին կերողներէն։ Իսկ մարդիկը, տեսնելով Յիսուսի գործած հրաշքը` կ՛ըսէին. «Ստուգիւ ա՛ս է Մարգարէն, որ աշխարհ պիտի գար»։ Յիսուս, երբ իմացաւ թէ պիտի գան զինքը յափշտակելու` որպէսզի թագաւոր ընեն, դարձեալ լեռ ելաւ առանձին։

Յովհաննէսի Աւետարանէն քաղուած սոյն հատուածը առանցքը կազմեց Ֆրանչիսկոս Պապին 25 Յուլիսի Կիրակնօրեայ մարեմեան աղօթքի խորհրդածութեան, զոր Ան ներկայացուց իր գրասենեակի պատուհանէն Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ մեծ թիւով հաւատացեալներու ներկայութեամբ եւ որուն ընթացքին Սրբազան Պապը նկատել տուաւ թէ Յիսուս այդ հրաշքը չի գործեց ոչինչէն ստեղծելով հացը այլ պատանիի մը միջոցաւ։ 

Տէրը շատ բաներ կարող է ընել այն քիչով որ մենք իրեն կը նուիրենք

«Մենք մեզ պահ մը դնենք այդ պատանիին տեղ։ Աշակերտները անորմէ կը խնդրեն որ իր ունեցածը բաժնեկցի բոլորին հետ եւ Յիսուս այդ հերոսական արարքի դիմաց կարող կ՛ըլլայ կշտացնել բոլորը» ըսաւ Քահանայապետը հաստատելով որ «Տէրը շատ բաներ կարող է ընել այն քիչով որ մենք իրեն կը նուիրենք»։

«Աստուծոյ նուիրումի տրամաբանութիւնը տարբեր է մեր տրամաբանութենէն։ Մենք կը ջանանք դիզել ու բազմապատկել մեր ունեցածը, մինչ Յիսուս կը խնդրէ նուիրել ու նուազեցնել» աւելցուց Ֆրանչիսկոս Պապը։ 

Առանց իսկական բաժնեկցութեան բարիքներու բազմապատկումը հարցեր չի լուծեր 

«Իսկական հրաշքը, կ՜ըսէ Յիսուս, բազմապատկել չէ այլ բաժնեկցութիւնն է, որ կ՛աճեցնէ սէրը եւ Աստուծոյ առիթ կու տայ հրաշքներ գործելու։ Փորձենք աւելիով բաժնեկցիլ, փորձենք ճանապարհը զոր Յիսուս մեզի կը սորվեցնէ» ըսաւ հուսկ Սրբազան Պապը ակնարկելով որ «Այսօր եւս բարիքներու բազմապատկումը հարցերը չի լուծեր առանց իսկական բաժնեկցութեան»։ Ան ապա  ակնարկեց սովի ողբերգութեան` որ յաճախ կը հարուածէ փոքրիկները, նշելով որ աշխարհի մէջ ամէն օր հինգ տարեկանէ վար գրեթէ 7 հազար մանուկներ կը մահանան թերասնումի պատճառաւ։ 

Բանանք մեր սրտերը Տիրոջ հրաւէրներուն եւ ուրիշներուն կարիքներուն դիմաց

Այսպիսի գայթակղութեան մը դիմաց Յիսուս մեզի կ՛ուղղէ հրաւէր մը որ նման է աւետարանի երիտասարդին ուղղուած հրաւէրին. «քաջութիւն` ունեցածդ նուիրէ, քու բարիքներդ, քանքարներդ դիր Յիսուսին եւ եղբայրներուն տրամադրութեան տակ։ մի վախնար, ոչ մի բան պիտի կորսուի եթէ բաժնեկցիս։ Աստուած կը բազմապատկէ։ Հաւատայ Սիրոյ, ծառայութեան ուժին, ձրիութեան զօրութեան» յարեց Սրբազան Պապը ու խորհրդածութիւնը եզրափակեց հայցելով Սուրբ Կոյս Մարիամին բարեխօսութիւնը «որպէսզի մեզ օգնէ բանալու մեր սրտերը Տիրոջ հրաւէրներուն եւ ուրիշներուն կարիքներուն դիմաց»։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/07/2021, 12:17

«Հրեշտակ Տեառն»ը աղօթք մըն է որ կ՛արտասանուի օրը երեք անգամ ի յիշատակ Մարդեղութեան խորհուրդին – առաւօտեան 6-ին, կէսօրին ու երեկոյեան 18-ին, պահը երբ կը հնչէ «Հրեշտակ Տեառն»ի զանգակը։ Աղօթքին անունը առնուած է աղօթքին առաջին բառերէն «Հրեշտակ Տեառն աւետեաց Սրբոյ Կուսին Մարիամու» ու բաղկացած է երեք փոքրիկ նախադասութիւններէ որոնք կը հային Յիսուս Քրիստոսի Մարդեղութեան, ապա երեք Ողջոյն Քեզ Մարիամ աղօթք։ Սոյն աղօթքը կ՛արտասանէ Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, Կիրակի օր կէսօրին ու Տօնական օրերուն առթիւ։ Հրեշտակ Տեառն աղօթքէն առաջ Քահանայապետը կը ներկայացնէ հակիրճ խորհրդածութիւն մը, ներշնչուելով օրուան սուրբգրային ընթերցումներէն, որուն կը յաջորդէ նաեւ ուխտաւորներուն ուղղուած ողջոյնի խօսքը։ Սուրբ Զատիկէն մինչեւ Պենտեկոստէի տօնը, Հրեշտակ Տեառն-ի տեղ կ՛արտասանուի «Ուրախ լեր Թագուհի Երկնից» աղօթքը, որ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան յիշատակին աղօթքն է, որուն աւարտին «Փառք Հօր»ը կ՛արտասանուի երեք անգամ։

Վերջին «Հրեշտակ Տեառնը» / «Ուրախ լեր Թագուհի երկնից»

Կարդալ բոլորը >