Որոնել

«Բաց ըլլանք Աստուծոյ անակնկալներուն». 4 Յուլիսի կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութիւնը։

Մենք ալ, ըսաւ Սրբազան Պապը, երբ թոյլ տանք որ սովորութիւններուն հանգստութիւնը գերակշռէ ու նախապաշարումներու մենատիրութիւնը իշխէ դժուար կ՛ըլլայ բացուիլ նորութեան։ Այս մէկը կը պատահի նաեւ Աստուծոյ նկատմամբ երբ մենք կը կարծենք թէ կը ճանչնանք Յիսուսը ու անոր մասին կը կրկնենք նոյն բաները։ Սակայն եթէ չի բացուինք նորութիւններուն եւ Աստուծոյ անակնկալներուն հաւատքը կը դառնայ Լիթանիա մը որ կամաց կամաց կը մարի։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Անկէ մեկնելով, ան իր հայրենիքը դարձաւ եւ աշակերտներն ալ անոր հետեւեցան։  Երբ շաբաթ օրը հասաւ, սկսաւ ժողովարանին մէջ սորվեցնել. ունկնդիրներէն շատերը կը զարմանային անոր վարդապետութեան վրայ եւ կ՛ըսէին. «Ուսկի՞ց առած է այս բոլորը, կամ այս ի՞նչ իմաստութիւն է որ անոր տրուած է, եւ ինչպիսի՛ հրաշքներ կը գործուին ասոր ձեռքով.   ասիկա հիւսնը չէ՞, Մարիամի որդին, եղբայրը` Յակոբին, Յովսէփին, Յուդային ու Սիմոնին. եւ ատոր քոյրերը հոս մեր քով չե՞ն». ու կը գայթակղէին անոր վրայ։  Յիսուս ըսաւ անոնց. «Մարգարէն անարգուած չէ` եթէ ոչ իր հայրենիքին, իր ազգատոհմին եւ իր տան մէջ»։ Եւ հրաշք մը անգամ չկրցաւ գործել հոն, բայց միայն քանի մը հիւանդներու վրայ ձեռք դրաւ ու բժշկեց զանոնք։ Եւ կը զարմանար անոնց անհաւատութեան վրայ։ Ու շրջակայ գիւղերը կը շրջէր եւ կը սորվեցնէր»։

Մարկոսի Աւետարանէն քաղուած վերոնշեալ հատուածը առանցքը կազմեց Ֆրանչիսկոս Պապին 4  Յուլիսի կիրակնօրեայ Մարեմեան Աղօթքի խորհրդածութեան զոր Ան աւանդութեան համաձայն ներկայացուց իր գրասենեակի պատուհանէն Մարեմեան  Աղօթքը արտասանելէն առաջ։

«Այսօրուան Աւետարանը մեզի կը պատմէ Յիսուսին գիւղակիցներու անհաւատութեան մասին» ըսաւ Սրբազան Պապը, դիտել տալով որ «անոնք գիտեն Յիսուսին սակայն չեն ճանչնար զայն»։

Գիտակցիլ ու ճանչնալ

«Արդարեւ տարբերութիւն կայ գիտակցելու եւ ճանչնալու մէջ»  յարեց Քահանայապետը մատնանշելով` թէ մենք կարող ենք շատ բաներ գիտնալ անձի մը մասին բայց այդ մէկը կը մնայ մակերեսային ճանաչողութիւն։  Այսպէս նաեւ Յիսուսին գիւղակիցներուն համար, անոնք Յիսուսը կը ճանչնան երեսուն տարիներէ ի վեր ու կը կարծեն թէ ամէն բան գիտեն անոր մասին սակայն իրականութեան մէջ անոնք երբեք չանդրադարձա՛ն թէ Ան ով էր իսկապէս։ Կանգ առին արտաքին երեւոյթին ու կը մերժեն Յիսուսին նորութիւնը։

Բացուինք Աստուծոյ նորութիւններուն

Մենք ալ, ըսաւ Սրբազան Պապը, երբ թոյլ տանք որ սովորութիւններուն հանգստութիւնը գերակշռէ  ու նախապաշարումներու մենատիրութիւնը իշխէ դժուար կ՛ըլլայ բացուիլ նորութեան։ Այս մէկը կը պատահի նաեւ Աստուծոյ նկատմամբ երբ մենք կը կարծենք թէ կը ճանչնանք Յիսուսը ու անոր մասին կը կրկնենք նոյն բաները։ Սակայն եթէ չի բացուինք նորութիւններուն եւ Աստուծոյ անակնկալներուն հաւատքը կը դառնայ Լիթանիա մը որ կամաց կամաց կը մարի։ 

Քահանայապետը ապա այս առնչութեամբ հարց տուաւ. «Ի՞նչ է զարմանքը» ու պատասխանեց «Անիկա կը պատահի ճիշտ այն պահուն երբ հանդիպինք Աստուծոյ հետ»։

Նախապաշարումներէ ազատ աչքեր ու սիրտեր

«Յիսուսին գիւղակիցները չուզեցին  ընդունիլ մարդեղութեան գայթակղութիւնը» հաստատեց ապա Ֆրանչիսկոս Պապը։ Իրականութեան մէջ աւելի յարմարաւէտ է ունենալ վերացական աստուած մը որ իրադարձութիւններուն մէջ չի խառնուիր եւ կ՛ընդունի կեանքէն, հարցերէն եւ ընկերութենէն հեռու հաւատք մը։ Կամ ալ մեզի հաճելի է հաւատալ աստուծոյ մը որ միայն արտակարգ բաներ կը կատարէ ու մեծ յուզմունքներ կը յառաջացնէ։ Մինչ այդ Աստուած մարդեղացաւ, խոնարհ, քնքուշ թաքուն, եղաւ մեզի մօտիկ ապրելով մեր բնականոն առօրեայի կեանքին մէջ։ Եւ մենք՝ նման Յիսուսին գիւղակիցներուն կարող ենք չի ճանչնալ զինք ու նաեւ գայթակղիլ անորմէ» ըսաւ Սրբազան Պապը հրաւիրելով աղօթել Տիրամօր ու հայցել որ մեզի պարգեւէ աչքեր ու սիրտեր որոնք  ազատ ըլլան նախապաշարումներէ ու բաց զարմանքին, Աստուծոյ անակնկալներուն, Անոր խոնարհ ու թաքուն ներկայութեան մեր առօրեայի կեանքին մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/07/2021, 12:12

«Հրեշտակ Տեառն»ը աղօթք մըն է որ կ՛արտասանուի օրը երեք անգամ ի յիշատակ Մարդեղութեան խորհուրդին – առաւօտեան 6-ին, կէսօրին ու երեկոյեան 18-ին, պահը երբ կը հնչէ «Հրեշտակ Տեառն»ի զանգակը։ Աղօթքին անունը առնուած է աղօթքին առաջին բառերէն «Հրեշտակ Տեառն աւետեաց Սրբոյ Կուսին Մարիամու» ու բաղկացած է երեք փոքրիկ նախադասութիւններէ որոնք կը հային Յիսուս Քրիստոսի Մարդեղութեան, ապա երեք Ողջոյն Քեզ Մարիամ աղօթք։ Սոյն աղօթքը կ՛արտասանէ Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, Կիրակի օր կէսօրին ու Տօնական օրերուն առթիւ։ Հրեշտակ Տեառն աղօթքէն առաջ Քահանայապետը կը ներկայացնէ հակիրճ խորհրդածութիւն մը, ներշնչուելով օրուան սուրբգրային ընթերցումներէն, որուն կը յաջորդէ նաեւ ուխտաւորներուն ուղղուած ողջոյնի խօսքը։ Սուրբ Զատիկէն մինչեւ Պենտեկոստէի տօնը, Հրեշտակ Տեառն-ի տեղ կ՛արտասանուի «Ուրախ լեր Թագուհի Երկնից» աղօթքը, որ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան յիշատակին աղօթքն է, որուն աւարտին «Փառք Հօր»ը կ՛արտասանուի երեք անգամ։

Վերջին «Հրեշտակ Տեառնը» / «Ուրախ լեր Թագուհի երկնից»

Կարդալ բոլորը >