Սուրբ Երկիր Սուրբ Երկիր 

Գերապայծառ Թիթօ Եիլլանա Իսրայէլի եւ Կիպրոսի մէջ առաքելական նուիրակ ու պատգամաւոր Երուսաղէմի եւ Պաղեստինի

Ֆիլիփինեան ծագումով 73 տարեկան Արքեպիսկոպոսը Սուրբ Աթոռը ներկայացուցած չորս ցամաքամասերուն մէջ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հինգշաբթի 3 Յունիս 2021ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետը Իսրայէլի եւ Կիպրոսի մէջ առաքելական նուիրակ ու Երուսաղէմի եւ Պաղեստինի համար պատգամաւոր նշանակեց 73 ամեայ Ֆիլիփինցի Արքեպիսկոպոս` Գերապայծառ Թիթօ Եիլլանա, անոր յանձնելով կարեւոր պատասխանատուութիւն մը յատկապէս Սուրբ Երկրին մէջ ապրուած բարդ իրավիճակի ու նուրբ իրադարձութիւններու շրջագիծէն ներս, որուն համար Սրբազան Քահանայապետը վերջերս նուիրեց յատուկ ուշադրութիւն, կոչեր եւ աղօթքներ։

Անցեալ ամսուայ մայիսի կէսին արդարեւ Ան «անընդունելի» համարեց զէնքերու ճանապարհով լուծում գտնելը ու մանուկներուն եւ անմեղներուն մահը ու կոչ ուղղեց վերագտնելու եղբայրութեան ճանապարհը։

Գերապայծառ Եիլլանա կը յաջորդէ գերապայծառ Լէոփոլտօ Ճիրելլին որ անցեալ Մարտին նշանակուեցաւ հնդկաստանի մէջ առաքելական նուիրակ։

Գերապայծառ Եիլլանա 1948ի ծնունդ է։ Քահանայ ձեռնադրուած է 1972ին։ 1948 ին մաս կը կազմէ Սուրբ Աթոռի դիւանագիտական ծառայութեան։ 2001ին Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ զինք կը նշանակէ Փափուա կինէայի մօտ առաքելական նուիրակ ու 2002ի 6 յունուարին զինք եպիսկոպոս կ՛օծէ Սուրբ Պետրոսի մէջ։ 2006 ին Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Քահանայապետը զինք կը նշանակէ Փաքիստանի մէջ առաքելական նուիրակ, հուսկ 2010 անոր կը յանձնէ Քոնկոյի մէջ Քահանայապետական նուիրակի պաշտօնը։ 2015էն ի վեր Ֆրանչիսկոս Պապին որոշումով ան կը պաշտօնավարէր Աւստրալիայի մէջ որպէս առաքելական նուիրակ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/06/2021, 12:30