Մէկ վարկեան խաաղաղութեան համար Մէկ վարկեան խաաղաղութեան համար 

«Մէկ վայրկեան Խաղաղութեան համար». Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի թուիթը

Այս տարուայ «Մէկ Վայրկեան խաղաղութեան համար» ծրագիրը նախաձեռնութիւնն է Միջազգային Ացիոնէ Քաթթոլիքա շարժումին, շարժումի Իտալիոյ եւ Արժանթինի մասնաճիւղերուն, Կաթողիկէ իգական կազմակերպութիւններու համաշխարհային միութեան, Արժանթինի Խաղաղութիւն եւ Արդարութիւն Ազգային յանձնախումբին։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Այսօր ժամը 13-ին, Միջազգային Ացիոնէ Քաթթոլիքան կը հրաւիրէ նուիրել` «մէկ վայրկեան խաղաղութեան համար», իւրաքանչիւրը իր կրօնական աւանդութեան համաձայն։ Աղօթենք մասնաւորէս Սուրբ Երկրին եւ Միանմարին համար»։ Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին 8 Յունիս 2021-ին հրապարակած թուիթը, որուն պարունակութիւնը քաղուած էր Նորին Սրբութեան անցեալ կիրակի օր Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքին առթիւ արտասանած խօսքերէն։

Այս տարուայ «Մէկ Վայրկեան խաղաղութեան համար» ծրագիրը նախաձեռնութիւնն է Միջազգային Ացիոնէ Քաթթոլիքա շարժումին, շարժումի Իտալիոյ եւ Արժանթինի մասնաճիւղերուն, Կաթողիկէ իգական կազմակերպութիւններու համաշխարհային միութեան, Արժանթինի Խաղաղութիւն եւ Արդարութիւն Ազգային յանձնախումբին։

8 Յունիսը յատկանշական թուական

8 Յունիսի ժամը 13-ին բոլորն ալ հրաւիրուած են միանալու մէկ վայրկեան ամփոփում մը կատարելով խաղաղութեան համար։ Ամէն մէկը այդ բանը կարող է ընել իր կրօնական հաւատքին համաձայն։ 8 Յունիսը կը յատկանշէ թուականը երբ եօթը տարիներ առաջ` 2014ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի մէջ հանդիպում ունեցաւ Իսրայէլի եւ Պաղեստինի նախագահներուն հետ անոնց հետ միասին աղօթելով Սուրբ Երկրի մէջ խաղաղութեան, հաշտութեան եւ համակեցութեան համար։ Այդ աղօթքին իրենց մասնակցութիւնը բերին հրեայ իսլամ եւ քրիստոնեայ հաւատքի պատկան եկեղեցական ու կրօնական անձնաւորութիւնինները։

Աղօթել Սուրբ Երկրի եւ Միանմարի համար

Քահանայապետը այս տարի` բացի Սուրբ Երկրէն խնդրեց աղօթել նաեւ Միանմարի համար, որ չորս ամիսներէ ի վեր կը տառապի երկրին մէջ տիրող անկարգութիւններուն ու բռնութիւններուն բերումով, որոնք մինչեւ օրս պատճառեցին 800 քաղաքացիներու մահը, մինչ չորս հազարէ աւելի անձինք ձերբակալուած են։

Քահանայապետին կոչը Միանմարի համար

Սրբազան Քահանայապետը անցեալ մայիս ամսուայ մէջ յատուկ պատարագ մատուցած էր Միանմարի դիտաւորութեան, որուն ընթացքին արտասանած խօսքին մէջ յիշեցուցած է, թէ «պէտք չէ հպատակիլ ատելութեան եւ բաժանումի տրամաբանութեան» այլ «կառուցել եղբայրութիւնը» յանձնառու ըլլալով նաեւ ընկերային ու քաղաքական ընտրանքներու միջոցաւ, նոյնիսկ ցաւի խաւար գիշերուան մէջ, ինչպէս նաեւ «ըլլալու հաւատարիմ Ճշմարտութեան, որ է Յիսուսը»։

Մանուկներուն սպանդը անընդունելի է

Իսկ ինչ կը հայի Սուրբ Երկրին, ուր անցեալ 21 մայիսին երկու շաբաթ ծանր բախումներէ ետք ստորագրուեցաւ զինադադար մը, այս ուղղութեամբ եւս Քահանայապետը կը խնդրէ աղօթք ու հարցերու լուծման համար կ՛առաջարկէ երկխօսութեան ու բանակցութիւններու ճանապարհը։ Անցեալ 16 մայիսի Մարեմաեն Աղօթքի ընթացքին Քահանայապետը «անընդունելի» նկատեց բազմաթիւ մանուկներուն մահը, որոնք եղան վերոնշեալ բախումներուն ամենասուղ գինը վճարողները։ Արդարեւ ըստ ՅՈՒՆԻՍԵՖԻ տուեալներուն վերջին տարիներու ռմբակոծումներուն ընթացքին տագնապին զոհ եղած են աւելի քան մէկ միլիոն մանուկներ։

Դառնալ խաաղաղութեան արհեստաւորներ

Մէկ վայրկեան խաղաղութեան համար ծրագիրը հրաւէր է բոլոր բարի կամք ունեցող մարդոց եւ կիներուն յանձնառու ըլլալու ամէն մին իր կարողութիւններուն համաձայն գործելու համար ի նպաստ խաղաղութեան, ըլլալու խաղաղութեան արհեստաւորներ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/06/2021, 11:30